Մայիսեան եռատօնը Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնէն ներս

Մայիս 9-ը աշխարհի մէջ, յատկապէս նախկին ԽՍՀՄ երկիրներու մէջ, կը տօնեն իբրեւ Հայրենական Մեծ պատերազմին խորհրդային զօրքերու տարած յաղթանակի օր Ֆաշիստական Գերմանիոյ դէմ: Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն այս պայքարին կը մասնակցէին մօտ 600.000 հայ զինուոր, որոնք կռուեցան ռազմաճակատի ամենաթէժ կէտերուն: Այս մասին կը յայտնէ akhaltskha.net-ը:

Հայ ազգը հայրենիքին տուած է 4 մարշալ` Բաղրամեան, Բաբաջանեան, Խուդեակով (Խամփերեանց), Աղանով եւ ԽՍՀՄ-ի մէկ ծովակալ` Իսակով: 70 հազար հայ մարտիկ պարգեւատրուած են մարտական շքանշաններով ու մետալներով, 27 շարքային զինուոր դարձած է փառքի շքանշանակիր, 104 մարդ արժանացած է ԽՄ հերոսի կոչման: Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոսի կոչման արժանացած է նաեւ օդաչու Նելսոն Ստեփանեանը:

Այս օրուան տօնական տրամադրութիւնը հայ ժողովուրդի համար կ’ամբողջանայ նաեւ արցախեան հերոսամարտով: Ուղիղ 23 տարի առաջ այս օրը` 1992-ի Մայիս 9-ի առաւօտեան, հայկական ջոկատները յաջողութեամբ աւարտին հասցուցին “Հարսանիք լեռներու մէջ” գործոութիւնը եւ հայկական զօրքը մտնելով Շուշի` բերդաքաղաքի հայկական եկեղեցւոյ գմբէթին կը ծածանէ յաղթական եռագոյնը:
Հայաստանի մէջ Եռատօն է, քանզի կը նշուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի` հայոց յաղթանակած բանակի ստեղծման հերթական տարեդարձը, որով հայ ժողովուրդը իր թշնամիներուն յիշեցուց, որ հայ ազգը ի զօրու է յաղթական ու մարտնչող ոգիով պաշտպանել հայոց սահմանները:

Մայիս 9-ին Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս նշուեցաւ եռատօնը: Կեդրոնի պատմութեան ուսուցիչ Վ. Ռստակեանը իր ելոյթով հիւրերուն համառօտ ներկայացուց Հայրենական Մեծ պատերազմի, արցախեան հերոսամարտի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայոց յաղթանակած բանակի ստեղծման մասին, իսկ կեդրոնի տարբեր խմբակներու երեխաներ իրենց երգերով ու բանաստեղծութիւններով բարձր պահեցին տօնական տրամադրութիւնը եւ խոստացան մեր մարշալներու եւ հերոսներու նման միշտ պայքարած իրենց հայրենիքի պաշտպանութեան եւ հզօրացման համար:

 ԱԵԿ-ի տնօրէն Վ. Արաբեան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ բոլոր ներկաները շնորհաւորեց այս մեծ տօնի` Եռատօնի առթիթով:

Scroll Up