ԵՄ ներկայացուցիչ. Երեւանն ու Պաքուն Ռիկայի մէջ պիտի քննարկեն Ղարաբաղի հարցը

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի գագաթնաժողովին քննարկած են ԼՂՀ հակամարտութիւնը: Գագաթնաժողովը պիտի կայանայ Մայիս 21-22-ին: Այս մասին կը յայտնէ  Ռիա Նովոսթ-ին:

“լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայ Մինսկի գործընթացը, զոր կը նախագահեն Ֆրանսան, ԱՄՆ-ն եւ Ռուսիան: Անոնք հանդիպումներ կը կազմակերպեն երկու երկիրներու նախագահներու եւ արտգործնախարարներու միջեւ: Ռիկայի մէջ կը կայանայ նախագահներու կամ արտգործնախարարներու եւս մէկ հանդիպում: Սա այն քիչ գործընթացներէն մէկն է, որուն չի մասնակցիր ԵՄ-ն”,- յայտարարած է պաշտօնեան, որ ուզած է անանուն մնալ:

Ան նշած է, որ հակամարտութեան կարգաւորման ձեւաչափը չի փոխուիր: “Մենք վստահ ենք, որ ռուս, ամերիկացի եւ ֆրանսացի մեր գործընկերները գործի կը դնեն հնարաւոր բոլոր ջանքերը: Սակայն ցաւօք անիկա բարդ հարց է”,- ըսած է եւրոպացի պաշտօնեան:

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը մասնակցին ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին, որուն մէջ ներգրաւուած են նաեւ Պելառուսը, Վրաստանը, Մոլտովան եւ Ուքրանիան:

Scroll Up