Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Դիմած Է Երեք Միջազգային Կառոյցի Աուրելիա Կրիկորիուի Հարցով
Այսօր` յուլիս 10-ին Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Կարէն Անդրէասեանը դիմած է երեք միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներու, որոնց անդամ կը հանդիսանան ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Մոլտովայի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: Կարէն Անդրէասեան յորդորած է Միջազգային Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնարկին, Եւրոպական ՄԻՊ հիմնարկին եւ Ֆրանքոֆոն ՄԻՊ եւ հաշտարարներու ընկերակցութեան այլեւս չհրաւիրել իրենց միջազգային համաժողովներուն սուտով եւ անընդունելի վարքով իրեն վարկաբեկած Աուրելիա Կրիկորիուին: Բացի այդ, Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Մոլտովայի խորհրդարանական փաստաբաններու աշխատանքը համակարգող Անատոլի Մունթէանուի միջոցով Մոլտովայի խորհրդարանին փոխանցած է Աուրելիա Կրիկորիուի պաշտօնանկութեան պահանջն ու անոր իրաւական հիմնաւորումները:
Պաշտպանի նամակին մէջ ըսուած է. «Սոյն նամակով կը տեղեկացնեմ, որ յուլիս 3-5 ՀՀ Սահմանադրական դատարանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կազմակերպուած համաեւրոպական համաժողովի ժամանակ Մոլտովայի խորհրդարանական փաստաբան Աուրելիա Կրիկորիուն Հայաստանը անուանած է «ագրեսոր» երկիր, իսկ հայերուն մեղադրած ցեղասպանութեան մէջ:
Խորհրդարանական փաստաբան Աուրելիա Կրիկորիուի մեղադրանքները ոչ միայն կը հակասեն պատմական իրականութեան, այլեւ կրնան դիտարկուիլ որպէս էթիկական չափանիշներուն հակասող եւ անյարգալից վերաբերմունք Հայաստանի հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Խորհրդարանական փաստաբան Աուրելիա Կրիկորիուի փաստարկները չեն համապատասխաներ իրականութեան, առաւել եւս անարդար են ազգի մը նկատմամբ, որ իր պատմութեան ընթացքին տեսած է 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ, իսկ 1988-1992թթ. Սումգայիթի, Գանձակի, Պաքուի եւ Շուշիի մէջ ենթարկուած է էթնիկ բնաջնջման, զանգուածային կոտորածներու, խոշտանգումներու եւ տեղահանման:
Խորհրդարանական փաստաբան Աուրելիա Կրիկորիուի վարքը կը հակասէ Միջազգային Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իստիտուտին, Եւրոպական ՄԻՊ իստիտուտին, Ֆրանքոֆոն ՄԻՊ եւ հաշտարարներու ընկերակցութեան կանոնադրութեան, որոնց անդամները կը հանդիսանան մեր երկու պետութիւնները: Այսպիսով, բոլոր վերոնշեալ կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ Մարդու իրաւունքներով զբաղող այլ կազմակերպութիւններուն կոչ կ’ընենք զգօն ըլլալ եւ Աուրելիա Կրիկորիուին որեւէ միջազգային ձեռնարկի հրաւիրելէն նկատի ունենալով վերջին իրադարձութիւնները:
Մենք ստացած ենք Մոլտովայի Խորհրդարանական փաստաբան, մարդու իրաւունքներու կեդրոնի ղեկավար Անատոլի Մունթէանուի պաշտօնական նամակը, ուր ան կը յայտնէ իր ափսոսանքը եւ կը նշէ, որ Խորհրդարանական փաստաբան Աուրելիա Կրիկորիուի յայտարարութիւնը չի ներկայացներ Մոլտովայի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ազգային ինստիտուտի դիրքորոշումը: Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ինստիտուտը բարձր կը գնահատէ Մոլտովայի մարդու իրաւունքներու կեդրոնի հետ երկարատեւ համագործակցութիւնը եւ յոյսով է, որ մէկ մարդու էթիկայի չափանիշներուն հակասող եւ անարդար վարքը չի կրնար վնասել այդ յարաբերութիւնները:
Յարգելի Անատոլի Մունթենաու,
հաշուի առնելով, որ Մոլտովայի Խորհրդարանական փաստաբաններու մասին օրէնքը (Յօդուած 8, կէտ 2; Յօդուած 26, կէտ 1 (ա) եւ (դ)), ուր յստակ նշուած է, որ Խորհրդարանական փաստաբանը պէտք չէ ներգրաւուած ըլլայ որեւէ քաղաքական գործունէութեան մէջ, չափազանց ուշադիր եւ զուսպ պէտք է ըլլայ իր յայտարարութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ պէտք չէ ձեռնարկէ որեւէ գործողութիւն, որ կը հակասէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի արժանապատուութեան` կը խնդրեմ Ձեզ սոյն նամակը փոխանցել նաեւ Մոլտովայի խորհրդարան` տիկին Կրիկորիուի ստանձնած պարտականութիւնները վերանայելու եւ որպէս Խորհրդարանական փաստաբան անոր լիազօրութիւնները դադրեցնելու համար համապատասխան գործընթացք սկսելու նպատակով»,- նշած է Անդրէասեան:
News.am