Վարչապետը շնորհաւորած եւ պարգեւատրած է Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերանները

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ կառավարութեան մէջ ընդունած է հայրենական մեծ պատերազմի վեթերանները եւ շնորհաւորած յաղթանակի 70-ամեակի առթիւ: Այս մասին կը յայտնեն Կառավարութեան մամլոյ
ծառայութենէն:
Հիմք ընդունելով 2013 թ. Հոկտեմբեր 23-ի ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի «1941-1945 թթ. Հայրենական մեծ պատերազմին սովետական ժողովուրդի տարած յաղթանակի 70-ամեակին առթիւ հաստատուած միասնական յոբելեանական պարգեւին մասին» որոշումը, ինչպէս նաեւ ՀՀ վարչապետի 2015 թ.
Մարտ 19-ի «Յոբելեանական յանձնաժողով ստեղծելու մասին» N 214-ա որոշումը` ՀՀ վարչապետ, յոբելեանական յանձնաժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան «1941-1945 թթ. Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 70-ամեակ» յոբելեանական մետալով պարգեւատրած է վեթերաններ Պետրոս Պետրոսեանը, Ռոզալիա Աբգարեանը, Անիկ Պապեանը, Արտուշ Մկրտչեանը, Ռաֆիկ Նիկողոսեանը, Միհրան Գրիգորեանը, Գերասիմ Յարութիւնեանը, Հայկազ Երանոսեանը, Մերուժան Սողոմոնեանը, Սոֆեայ Սարգսեանը, Եպրաքսիա
Միքայէլեանը, Ժորա Թունեանը, Մնացական Գրիգորեանը, Պենիամին Միրզոյեանը, Սօս Մովսէսեանը, Խաչիկ Գէորգեանը, Սուրէն Կարապետեանը, Սարգիս Յարութիւնեանը, Յուսիկ Փանոսեանը եւ Սերեոժա Դաւթեանը:
Կառավարութեան ղեկավարը յանձնած է յոբելեանական մետալները Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններուն, մաղթած քաջառողջութիւն եւ հանդէս եկած շնորհաւորանքի խօսքով: Յովիկ Աբրահամեան ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը երբեք չի մոռնար հերոս վեթերանները եւ մարտի դաշտին մէջ հերոսաբար ինկած
զինուորներու սխրագործութիւնները ֆաշիզմի դէմ պատերազմին տարած յաղթանակին: «Դուք բարձր էք պահել մեր ժողովրդի պատիւը, եւ մեր հայրենակիցները, մեր պապերն ու հայրերը, ովքեր զոհուել են Հայրենական մեծ
պատերազմում, հերոսներ են: Շնորհակալ ենք ձեզ դրա համար», – ըսած է վարչապետը: Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ այս օրերուն կը նշուի նաեւ Շուշիի ազատագրման 23-ամեակը, եւ 1945 թ. յաղթանակը հնարաւոր դարձուց նաեւ արցախեան գոյամարտի յաջողութիւնը, ինչպէս նաեւ մերօրեայ հերոսներու սերունդի դաստիարակումը:
Վարչապետը նշած է, որ ՀՀ նախագահը, կառավարութիւնը կ’ընեն ամէն ինչ` վեթերաններու հոգը թեթեւցնելու համար. կառավարութեան որոշմամբ Մայիս 1-էն կրկնապատկուած է պատերազմի մասնակիցներուն տրուող պատուովճարը, կը լուծուին բուժման ու հանգիստի կազմակերպման հետ կապուած հարցերը «Մենք անհատուցելի պարտք ենք ձեզ` ձեր անձնազոհութեան, մարտական ու աշխատանքային սխրանքի համար, եւ ինչ էլ անենք ձեզ համար` բաւարար չէ», – եզրափակած է Յովիկ Աբրահամեան` եւս մէկ անգամ շնորհաւորելով վեթերաններուն մեծ յաղթանակի պանծալի յոբելեանի առթիւ, մաղթած քաջառողջութիւն եւ երկար տարիներու կեանք:
Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերանները շնորհակալութիւն յայտնած են վարչապետին «1941-1945 թթ. Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 70-ամեակ» յոբելեանական մետալով պարգեւատրելու համար եւ նշած, որ զգացուած են իրենց հանդէպ ցուցաբերուող պետական հոգածութեան եւ պատերազմի
մասնակիցներուն տրուող պատուովճարը կրկնապատկելու համար: