Հռոմի «Վիթորիանօ» Թանգարանին Մէջ Բացուած է «Հայաստան. Տապանի Ժողովուրդ» Խորագիրով Ցուցահանդէսը (լուսանկարներ)

Հռոմի հեղինակաւոր «Վիթորիանօ» (Il Vittoriano) թանգարանային համալիրին մէջ բացուած է «Հայաստան. տապանի ժողովուրդ» խորագիրով ցուցահանդէսը` միատեղելով հայ հին պատմութեան եւ մշակոյթի արժէքաւոր նմուշներ Վատիկանի, Ֆլորենսիայի, Հռոմի, Վենետիկի եւ Երեւանի թանգարաններէն: Այս մասին կը հաղորդէ 100lives.com-ը։
Եօթ դահլիճներուն մէջ ներկայացուած է հայ ժողովրդի պատմութիւնը` սկսեալ հնագոյն ժամանակներէն, երբ, ըստ աստուածաշնչեան առասպելի՝ Նոյի տապանը կանգ առաւ Արարատի գագաթին, մինչեւ ոչ վաղ անցեալի իրադարձութիւնները: Ստեղծուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին multimedia installation` մանրամասն քարտէզներով, լուսանկարներով եւ ողբերգութեան ականատեսներու պատմութիւններու ձայնագրութիւններով:
Ցուցադրուած են ներկայիս կործանուած հայկական վանքերէն հաւաքուած քրիստոնէական արուեստի եւ ճարտարապետութեան նմուշներ: Ամբողջ դահլիճ մը նուիրուած է հայոց այբուբենին. փափաքողները կրնան ոչ միայն մօտէն դիտել շատերու հայեացքին անսովոր թուացող հայերէն տառերը, այլեւ՝ յատուկ տեղադրուած ձայնային համակարգի օգնութեամբ՝ ունկնդրել անոնց այժմեան արտասանութիւնը: