«Քեզ Հետ, Հայաստան» Համերգաշարի Յաջորդ Համերգը Նիւ Եորքի «Քարնեկի» Սրահին Մէջ

«Երեւանեան Հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնը կը ներկայացնէ «Քեզ հետ, Հայաստան» համերգաշարի յաջորդ համերգը, որ տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի «Քարնեկի» սրահին մէջ, Մայիս 26-ին:

Համերգը կը միաւորէ աշխարհահռչակ դաշնակահար Եւկենի Գիսինը եւ «Հովեր» կամերային երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավար Սոնա Յովհաննիսեան:

Ծրագիրը կ՝ընդգրկէ Կոմիտասի, Ազիզեանի, Շարաֆեանի, Մանսուրեանի, Բաբաջանեանի, Փենտերեցքիի, Շոփենի ստեղծագործութիւնները: Այդ օրը նաեւ տեղի պիտի ունենայ Ք. Փենտերեցքիի ստեղծագործութեան համաշխարհահային անդրանիկ ներկայացումը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան:

Scroll Up