Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է ԱՄՆ գոնկրէսի գրադարան

Աշխատանքային այցով ԱՄՆ մեկնած ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարան, որ վերջին շրջանին զգալիօրէն հարստացուած է` հաւաքագրելով նաեւ տեսագրութիւններ, ձայնագրութիւններ, թուային նիւթեր: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութենէն:

Նախագահը շրջայց կատարած է գրադարանին մէջ, ծանօթացած է ցուցանմուշներուն՝ այնտեղ պահուող հայերէն եւ Հայաստանի մասին բազմաթիւ նիւթերուն` պատմաբաններու յիշատակումներուն, Հայաստանի յիշատակումով հին քարտէզներուն, ամերիկացի դիւանագէտ Հենրի Մորկենթաուի եւ այլոց կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւններուն:

Սերժ Սարգսեանն այնուհետեւ կարճատեւ զրոյց ունեցած է Քոնկրէսի գրադարանի տնօրէն Ճէյմս Պիլինկթընի հետ:

Նախագահը նաեւ ներկայ գտնուած է «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից» թեմայով նոր նամականիշերու մարման արարողութեան. ՀՀ փոստային կապի ազգային գործակատար «Հայփոստ» ՓԲԸ-ը մարած է «Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելից. Հենրի Մորկենթաու» թեմայով նամականիշ եւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից. «Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէ» թեմայով գեղաթերթիկ նամականիշ:

Նամականիշին վրայ պատկերուած է «Չձգենք, որ կործանուին» Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի հանգանակութեան պաստառը` Ամերիկային շնորհակալութիւն յայտնող որբերու խորապատկերին:

01 02 03 04 05

Scroll Up