Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթոնի մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ ծերակուտականներու հետ
Աշխատանքային այցով ԱՄՆ գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ ծերակոյտի հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միտչ Մըքոնելի եւ դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար Հարրի Ռիդի հետ: Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ ծերակոյտի հանրապետական եւ դեմոկրատ շարք մը այլ անդամներ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամուլի ծառայութենէն:
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան միջխորհրդարանական փոխգործակցութեան ու երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ խորացման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ, անդրադարձած` այդ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս ԱՄՆ գոնկրէսի ուրոյն դերակատարութեան:
Հանրապետութեան Նախագահի խօսքով, նաեւ ծերակուտականներ Միտչ Մըքոնելի եւ Հարրի Ռիդի գործուն ջանքերու շնորհիւ այդ յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ: Սերժ Սարգսեանը երախտագիտութիւն յայտնած է զրուցակիցներուն` տարիներ շարունակ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն առանձնայատուկ վերաբերում եւ հոգածութիւն ցուցաբերելու համար:
Հանդիպման մասնակիցները համակարծիք են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումէն ի վեր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները ընդգրկած են համագործակցութեան լայն շրջանակ: Հայաստանը եւ ԱՄՆահանգները ամուր գործընկերային յարաբերութիւններ ունին թէ՛ երկկողմ, թէ՛ բազմակողմ հարթութիւններու վրայ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման, տարբեր ոլորտներէն ներս բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման տարիներ շարունակ ցուցաբերուող ԱՄՆ աջակցութիւնը` միտուած ՀՀ պետականութեան ամրապնդման:
Նախագահը բարձր գնահատած է նաեւ ԱՄՆ դերակատարումը տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին, նաեւ ԱՄՆ-ի` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրի, գործուն ներգրաւուածութիւնը ԼՂ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, անոր ծիրէն ներս Հայաստանի եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ իրականացուող յիշատակի եւ ոգեկոչման ձեռնարկներուն, նաեւ` ՀՀ Նախագահի այցի ծիրէն ներս Ուաշինկթոնի ազգային տաճարէն ներս կայանալիք Հայոց ցեղասպանութեանը նուիրուած միջկրօնական աղօթքին:
ՀՀ Նախագահը եւ ԱՄՆ ծերակուտականները մտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու, ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի շուրջ: Ներկայ բոլոր ծերակուտականները իրենց խօսքի մէջ կարեւորած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հայաստանի շրջափակման պայմաններուն երկրին անհրաժեշտ փոխադրամիջոցներու եւ ուժանիւթի այլընտրանքային հնարաւորութիւններու ստեղծման վերաբերող հարցեր: