Վարդան Յովհաննիսեանի եւ Էմրէ Գիւլթեքինի ձայնասկաւառակը ցնցած է երաժշտագէտները (տեսանիւթ)

Վարդան Յովհաննիսեանի եւ Էմրէ Գիւլթեքինի համատեղ ձայնասկաւառակը ցնցած է արեւմտեան երաժշտագէտները:
Ինչպէս կը հաղորդէ Armenpress-ը` վկայակոչելով The Guardian պարբերականը, “Ատանա” ձայնասկաւառակը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Թուրք Էմրէ Գիւլթեքինի սազը եւ հայ Վարդան Յովհաննիսեանի տուտուկին ձայնասկաւառակի մէջ տեղ գտած ստեղծագործութիւններու կատարման միացած են Ճորիս Վանուինքերոյի կոնտրաբասը եւ Սիմոն Լելուի հարուածայինները:
Սա երկու երաժիշտ վաղեմի ընկերներու առաջին համագործակցութիւնն է, որ արեւմտեան երաժշտագէտներուն յուզած է խորաթափանց եւ կարօտաբաղձ մեղեդիներով, որոնք համեմուած են ազգային հնչերանգներով: Ձայնասկաւառակի մէջ տեղ գտած են նաեւ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ստեղծագործութիւններ: