«Ալէք Փիլիպոս»ի 11րդ Կարգի Աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեցին

«Թող ձեր Հայաստան այցելութիւնը առիթը ըլլայ մեր նահատակներուն, եկեղեցւոյ ու հայութեան ուխտը վերանորոգելու. հաղորդուեցէք Ս. Էջմիածինի, Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի եւ Օշականի պատգամներուն հետ եւ թող հայրենի ձեր եղբայրներն ու քոյրերը, մեր ժողովուրդը եւս հպարտ զգայ ձեզմով», յայտարարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալելով Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի 11րդ դասարանի աշակերտները, որոնք Հայաստան ուղեւորութենէ առաջ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 30ի առաւօտուն, ուխտի եկած էին առաջնորդարան եւ մտերմիկ պահ մը բոլորեցին առաջնորդ սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերու հետ:
Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան համար Ազգ. առաջնորդարանը տարեկան ուխտագնացութեան ժամադրավայր է. այս այցելութիւնը, սակայն, յատուկ իմաստ զգեցաւ, որովհետեւ կը զուգադիպէր նաեւ Ապրիլեան օրերուն, երբ մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ կը յիշատակէ Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ կը վերանորոգէ ազգային պահանջատիրութեան կամքը: Աշակերտներուն պատրաստած յայտագիրն ալ ընդհանրապէս արտացոլացումն էր այդ կամքին:
Իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, աշակերտները առաջնորդարան ժամանեցին ժամը 10:30ին եւ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ անցուցին աղօթքի պահ մը: Առաջնորդին կողքին էին՝ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեան: Այնուհետեւ, անոնք առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը եւ լսեցին առաջնորդին պատգամը: Յայտագիրը կազմուած էր սրտի խօսքէ, ազգային եւ ժողովրդային երգերէ, ասմունքներէ եւ երաժշտական մատուցումներէ:
Աշակերտութեան կողմէ բացման խօս-քը արտասանեց Նարեկ Քուշերեան, որ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման իրադարձութեանց եւ հաստատեց, որ Հայ Դատը տակաւին իր վախճանին չէ հասած եւ աշակերտները պարտք կը զգան մասնակից ըլլալու անոր հետապնդման: Ան սրբազանին օրհնութիւնը խնդ-րեց Հայաստան ուխտագնացութեան նախօրեակին:
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Սեւակ Ինճէեան, որ յաջորդաբար իր ընկերները հրաւիրեց նուագելու, ասմունքելու եւ երգելու: Այնուհետեւ, վարժարանի դաստիարակներէն Թամար Թիւֆէնքճեան-Սէրայտարեան հրաւիրեց առաջնորդը, որպէսզի իր պատգամը ուղղէ 15 օր ետք Հայաստան ուխտի գացող 61 աշակերտներուն:
Սրբազանը, ողջունելով աշակերտներուն ներկայութիւնը, գոհունակութիւն եւ գնահատանք արտայայտեց անոնց ներկայացումին եւ ուխտապահութեան համար, որ հպարտութեան առիթ է իրենց ու մեզի համար: Ակնարկելով Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութեան աշակերտներու ասմունքին, առաջնորդ սրբազանը յիշեցուց, որ անցեալ շաբաթ, Ապրիլ 24ի օրերուն, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի գաղութներ՝ հայութիւնը աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւեց «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» նշանախօսքով, որուն հաւատարիմ են նաեւ նոր սերունդները, մեր աշակերտները: Առաջնորդը մաղթեց, որ աշակերտներուն Հայաստան այցելութիւնն ու պատմական ուխտավայրերու հետ հաղորդակցութիւնը անոնց մէջ ամրապնդէ մեր եկեղեցւոյ, հայութեան եւ ժողովուրդին պատկանելիութեան զգացումը եւ վերադառնան աւելի՛ հայացած, հպարտութեամբ տոգորուած: Վերջապէս, սրբազանը աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ օր մը առաջ, Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ դատական քայլեր ծայր առին, պահանջելու համար Ցեղասպանութեան հետեւանքով տարագիր դարձած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սիսի կաթողիկոսարանին կալուածները:
«Պիտի մնանք արթուն ու պահանջատէր. մեր արթնութիւնը, մեր պահանջատիրութիւնն ու ապագան մեծ չափով կապուած են ձեր արթնութեան, պահանջատէրի ձեր կամքին եւ ձեր ապագային», եզրափակեց առաջնորդը:
Հանդիպումը վերջ գտաւ սրբազանին «Պահպանի»չ աղօթքով, ապա բոլորը երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ Հայաստանի քայլերգը:
Խմբային լուսանկարէ մը ետք, աշակերտները խումբ-խումբ այցելեցին Ազգ. առաջնորդարանի բաժանմունքները եւ ծանօթացան «Ազգի Տան» յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն:
Մեկնելէ առաջ, աշակերտները նուէր ստացան Ուիլեըմ Սարոյեանի պատմական խօսքով պատրաստուած որմազդէն օրինակներ:
Asbarez