Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Ընդառաջելով Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրին` Չորեքշաբթի, Մայիս 6-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Վեհափառ հայրապետը պիտի այցելէ Ուաշինկթընի, Նիւ Ճըրզիի,  Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Տիթրոյիթի, Շիքակոյի եւ այլ շրջաններու համայնքները եւ իր հայրապետական պատգամը պիտի փոխանցէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Հայկական գաղութներու այցելութեան առընթեր, վեհափառ հայրապետը շարք մը միջեկեղեցական եւ քաղաքական հանդիպումներ պիտի ունենայ: Հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Ուաշինկթընը, ուր վեհափառ հայրապետը նաեւ ներկայ պիտի գտնուի 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:

Հովուապետական այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետին պիտի ընկերանան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ գաւազանակիր Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան:

Scroll Up