Հայոց ցեղասպանութեան հարցը թրքական լրատուամիջոցներու մէջ 2-րդ ամենաշատ քննարկուածն է

Թուրքիոյ “Մետիա մոնիթորինկ կեդրոն” ուսումնասիրած է, թէ ապրիլին որոնք եղած են թրքական մետիայի օրակարգի մէջ ամենաշատ քննարկուած քաղաքական թեմաները:
Ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն համաձայն ` այդ ժամանակահատուածին ամենաշատը քննարկուած է Յունիս 7-ին Թուրքիոյ մէջ իրականացուելիք խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը: Ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ ըստ թրքական medyaloji.net կայքի, խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք 2-րդ տեղը իր քննարկումներու առատութեամբ զբաղեցուցած է Հայոց ցեղասպանութեան թեման:
Աղբիւրը մանրամասնած է, որ նշեալ թեմայով ամենաշատ հրապարակուած յօդուածներն ու լուսաբանումները առնչուած են Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչուող իրադարձութիւններն ու ձեռնարկները:
Առանձնապէս շատ քննարկուած ու կարդացուած թեմաներէն են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Ահմեթ Դաւութօղլուի հրապարակած ուղերձները:

Scroll Up