1915 – ԺԱՊԱՒԷՆԸ
ՀԲԸՄ-ի, Թէքէեան Մշակուղային Միութեան եւ Նիւ Եորքի Հայ Ուսանողաց Միութեան կողմէ ներկայացուեցաւ Կարին Յովաննիսեանի եւ Ալեք Մուհիպեանի ստեղծագործութեամբ ու բեմադրութեամբ «1915 – Ժապաւէնը» նուիրուած Ցեղասպանութեան Դարադարձին։ Հակառակ Նիւ Եորքի տարածքին տեղի ունեցող զանազան ձեռնարկներուն` նուիրուած Մեծ Եղեռնին, քաղաքի «Քուատ» շարժապատկերասրահը փութացած էին մեծ թիւով հայեր ու օտարներ, առաւելաբար երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ։ Սրահին մէջ էր ինքը` Կարինը։
Բաւականին բարդ հոգեբանական պատմութիւն մըն է ներկայացուածը։ Անցեալը ներկային շաղկապող բեմադրութիւն մը, ուր հայ նոր սերունդը ապրելով այսօրը կը մնայ մի´շտ անցեալի դառն փորձառութիւններու ծանր հոգեկան տառապանքներուն ազդեցութեան ներքոյ։ Երբ յղի հարսը արդէն կորսնցուցած ընտանիքի բոլոր անդամները կը հանդիպի թուրք զինուորին որ կ’ուզէ զինք ազատել ու փրկել մահէ. արդեօք Անժելան պէ´տք էր ընդուներ այդ առաջարկը։ Ի վերջոյ այո´ որովհետեւ իր արգանդէն ծնող երեխային հայրը հայ է եղած։ Հարցեր, որոնք մտածել կու տան այսօրուան հայ երիտասարդութեան թէ ո՞րն է ճիշդ. երթալ դէպի մահ ու միանալ իր հարազատներուն թէ ազատել հայու այդ զաւակը …։ Պատասխան չունէին հանդիսատեսները։ Հաւանաբար անոր համար ալ որ այնքա´ն արագ կ’ընդհանար պատմութիւնը, որ հազիւ կրնաս կեդրոնացած մտածել պատկերի մը առջեւ, ու չկազմած միտքդ արդէն ուրիշ տեսարանի մը մէջ կը մտնես։
Գլխաւոր զոյգ հայ դերասանները` Սիմոն Աբգարեան, բեմադրիչը կը ներկայանայ այն թատերախաղին որ կը բեմադրուի ներկայացնելով այսօրը եւ ապա կ’անցնի դէպի անցեալը` տեղահանութեան օրերը երբ արդէն ան Անժելայի ամուսինն է։ Անժելա Սարաֆեան կինն ու մայրն է այդ խաղարկութեան։
Bloodvine Media եւ Strongman ֆիլմարտադրիչներու արտադրութիւնը, որ ամբողջութեամբ կը նկարահանուի Լոս Անճելըս հանրածանօթ թատրոնի բեմին ու քուլիսներուն մէջ։ Այդ սրահը տրուած է, այս առթիւ, առանց վարձքի։ Երաժշտական յօրինումները կատարած է Սերժ Թանքեան` ուրիշ յարգելի անուն մը ամերիկեան երաժշտական աշխարհէն ներս։
Ապրիլ 23, 2015, Հինգշաբթի երեկոյեան, Ապրիլ 24ի նախօրէին երիտասարդ ամերիկահայ արուեստագէտներու նուէրն էր այս մեր հանրութեան։
Որքանո՞վ արդեօք կրցան հետեւիլ նիւթին։ Այդ պիտի ըսեն այդ երեկոյ «Քուատ» շարժապատկերի սրահը ժամադրուած մեր ունկնդիրները …։
Յակոբ Վարդիվառեան