Պուէնոս Այրէսի Գիրքի միջազգային տօնավաճառին Հայաստանի տաղաւարը ներկայացուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տեսքով

Պուէնոս Այրէսի մէջ իրականացուած է Գիրքի 41-րդ միջազգային տօնավաճառը, որ ամէն տարի միլիոնաւոր այցելուներ կ’ունենայ: Գիրքի փառատօն-տօնավաճառին Հայաստանը ներկայացած է ընդարձակ տաղաւարով:

Ինչպէս կը հաղորդէ Արժանթինի մէջ Հայկական կեդրոնի մամլոյ ծառայութիւնը` ի նշան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման` ինչպէս Հայաստանի տաղաւարի մէջ, այնպէս ալ` տօնավաճառի ընդհանուր մուտքի մօտ տեղադրուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի կրկնօրինակը: Տաղաւարի այցելուներուն Հայաստանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկատուական գրքոյկներ բաժանուած են: Տօնավաճառի շաբաթը մեկնարկած է մշակութային ձեռնարկներով: Ցեղասպանութեան մասին պատմող ելոյթով հանդէս եկած է պատմաբան Խուան Պաբլոյ Արթինեան:

Միեւնոյն ժամանակ` տաղաւարի մէջ երաժիշտ Առնօ Ստեփանեանը տուտուկով եւ շվիով կատարած է Կոմիտասի եւ Սայաթ Նովայի գործերը: Տօնավաճառը պիտի գործէ մինչեւ Մայիս 11:

Scroll Up