Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Գարեգին Բ դատապարտած է Սրբոց Քառասնից մանկանց հայկական եկեղեցւոյ միտումնաւոր պայթեցումը

Ապրիլ 30-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ՀՀ-ի մէջ ԱՄԷ դեսպանի հետ հանդիպման ժամանակ մտահոգութիւն յայտնած է վերջին շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղ գտած զարգացումներուն եւ ծայրահեղական ուժերու կողմէ քրիստոնեաներուն եւ քրիստոնէական սրբավայրերուն դէմ սանձազերծուած վայրագութիւններու եւ ահաբեկչութիւններու առիթով: Խստօրէն դատապարտելով օրեր առաջ Հալէպի մէջ 15-րդ դարու Սրբոց Քառասնից մանկանց հայկական եկեղեցւոյ միտումնաւոր պայթեցումը` Վեհափառ Հայրապետը նկատած է, որ այս քայլը Աստուծոյ դէմ գործուած արարք է, որ անընդունելի է բոլոր կրօններու համար: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խօսքով` այն կը ստուերէ իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դարաւոր խաղաղ համակեցութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ միայն համատեղ ջանքերով հնարաւոր պիտի ըլլայ մարդկային կեանքին մէջ վերջ դնել եւ կանխարգիլել բոլոր նման դատապարտելի արարքները:
Այս ամէնուն մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Տեղեկատուական համակարգը: