«The New York Times» Կ՛անդրադառնայ Կաթողիկոսարանի Յարուցած Դատին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/New-York-Times-Sis.jpg)
Քանի մը ժամ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակին աջակցութեամբ մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի Մամլոյ ազգային ակուբին մէջ: Հրաւիրուած են Ուաշինկթընի մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու մամլոյ կարեւոր օրկանները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ տրուած մամլոյ ասուլիսին մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Տրդատ Մանկիկեան, Ժընեւի համալսարանի դասախօս եւ դատի յանձնախումբի աշխատանքը համադրող Թենի Սիմոնեան, Մեքկիլ համալսարանի Միջազգային օրէնքի դասախօս եւ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանի մօտ փաստաբան, դոկտ. Ախաւան Բայյամ, Մարդկային իրաւանց եւ կալուածային հարցերու փաստաբան դոկտ. Ճեմ Սոֆուօղլու, եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարելով` Օշական արք. Չօլոյեան Արամ Ա. կաթողիկոսին անունով ողջունած է ներկաները եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պահանջքը: Ապա խօսք առած է Արամ Համբարեան եւ անդրադարձած Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին տուած որոշումին` Թուրքիոյ բռնագրաւած եկեղեցիներու գծով, եւ այդ ծիրին մէջ կարեւոր նկատած է Անթիլիասի կաթողիկոսութեան առած ներկայի իրաւական քայլը:
Թենի Սիմոնեան անդրադարձած է անցնող շուրջ երեք տարիներուն վեհափառ հայրապետին կողմէ նշանակուած իրաւական յանձնախումբին կատարած աշխատանքին: Ապա յաջորդաբար խօսք առած են Սօֆուօղլու ու դոկտ. Ախաւան Բայյամ, որոնք լայնօրէն պարզած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ առնուած իրաւական քայլին կրօնական, իրաւական ու քաղաքական երեսները: Ապա անոնք պատասխանած են ներկայ թղթակիցներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն:
«Ազդակ» հեռաձայնային կապ հաստատած է Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակին հետ եւ զրուցած Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի բանբեր Եղիսաբէթ Չուլճեանին հետ, որ ըսած է, թէ կաթողիկոսարանին յարուցած դատին արդէն իսկ անդրադարձած է աշխարհահռչակ «The New York Times»-ը` աւելցնելով, որ յետագային եւս աւելի ընդարձակ յօդուածով թերթը այս մասին երկրորդ հրապարակում պիտի կատարէ:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ եղած են համաշխարհային լրատուամիջոցներ, որոնց կարգին`«Ռոյթըրզ», ինչպէս նաեւ թրքական եւ հայկական մամլոյ ներկայացուցիչներ: Գրասենեակին կողմէ աշխատանքը կը շարունակուի` ամերիկեան կարեւորագոյն լրատուամիջոցները այս հարցին մասին իրազեկելու նպատակով:
Յայտնենք, որ ամերիկեան մամլոյ շրջանակներուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն սկսած է այս ուղղութեամբ: «The New York Times»-ի կողքին այլ մամլոյ օրկաններ կապ հաստատած են կազմակերպիչ յանձնախումբին հետ եւ առաջարկած են առանձին հարցազրոյցներ ունենալ փաստաբաններուն հետ:
Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսին ներկայ եղած են նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան պաշտպանութեան լծուած կառոյցներու ներկայացուցիչները: Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ տրուած տեղեկութեան համաձայն, յառաջիկային նոյն հարցին վերաբերող մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին Ժընեւի, Փարիզի եւ այլ շրջաններու մէջ: