ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Արա Գասապեանը

Ապրիլ 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Նոր Զելանտիոյ «Ուելինկթընի հայերու ընկերակցութեան» հիմնադիր անդամ, Ուելինկթընի ներգաղթողներու գործակալութեան պաշտօնեայ Արա Գասապեանը:
Պրն Գասապեան նախարարին տեղեկութիւններ յայտնեց Նոր Զելանտիոյ հայութեան մասին` նշելով, որ հայերը հիմնականին մէջ կը բնակին Օքլենտի մէջ` (շուրջ 200 հոգի) եւ Ուելինկթընի մէջ (շուրջ 40 հոգի): Թէեւ թուաքանակով մեծ չեն, սակայն շատ յարգուած են` որպէս օրինապահ քաղաքացիներ եւ բարեխիղճ աշխատողներ: Անոնց մէջ կան նաեւ բարձր պետական պաշտօնեաներ, բժիշկներ, փաստաբաններ, գործարարներ, քաղաքական գործիչներ եւ այլն: Կը գործէ երկու հայկական կազմակերպութիւն, որոնց հիմնական նպատակը ազգային ինքնութեան պահպանումն է:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արա Գասապեանին` հեռաւոր Նոր Զելանտիոյ մէջ հայրենանուէր աշխատանք իրականացնելու համար: Ան հիւրին ծանօթացուց Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն եւ յորդորեց գտնել հնարաւորութիւններ` Նոր Զելանտիոյ մէջ բնակող հայութեան ներգրաւելու նախարարութեան կողմէ իրականցուող ծրագիրներուն:
Քննարկուեցան հայապահպանութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման առնչուող այլ հարցեր: