Մորկենթաուի Ծոռնուհին Այցելած Է Արցախ
Երէկ՝ Ապրիլ 28-ին Արցախի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկենթաուի ծոռնուհիին՝ Հարուըտի համալսարանի դասախօս, հոգեբան, դոկտոր Փամելա Շթայնըրի հետ, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուէր Արցախ:
Հանդիպումին բացման խօսքը կատարած է ԱՊՀ ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքներու գծով պրոռեկտոր Վիտիա Եարամիշեանը, որ ողջունած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փամելա Շտայնըրին` Արցախ ըլլալուն եւ արցախցիներով հետաքրքրուելուն համար: «Հայ ժողովուրդը մեծ յարգանք է տածում Հենրի Մորկենթաուի նկատմամբ` բարձր գնահատելով նրա անաչառ վերաբերմունքը, կարեկցանքը եւ օգնութիւնը հայութեան հանդէպ»,- ըսած է Վ. Եարամիշեանը:
Հանդիպման սկիզբը Փամելա Շթայնըրը պատմած է իր մեծ պապին անցած ուղիին եւ հայութեան համար կատարած անոր մեծ ներդրումը, որ առաւել բարոյական աջակցութիւն է:
Այնուհետեւ ներկաներուն եւ հիւրուն միջեւ ծաւալած է անկեղծ երկխօսութիւն:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցին այն հարցումին, որ ան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ կը պատրաստուի ծանօթանալ ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գործընթացին:
«Ինչ պիտի ըլլան ձեր յետագայ քայլերը այդ գործընթացի խթանման գործին» հարցումին Փամելա Շթայնըր պատասխանած է. «Չեմ գիտեր: Ինչպէս կը տեսնէք ես արդեն ծեր եմ, եւ չեմ գիտեր որքան կը հասցնեմ, սակայն հիմա ես «Հոգեբանական ցնցում» վերնագիրով գիրք մը կը գրեմ, ուր պիտի անդրադառնամ նաեւ այդ հարցին»:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ տպաւորուած է Արցախի բնութեամբ, ազատամիտ ժողովուրդով, խելամիտ երիտասարդներով, որոնք անկաշկանդ կը խօսին՝ բարձրացնելով ազգային եւ համամարդկային իրենց յուզող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են հայ ժողովուրդի եւ Արցախի պատմութեան առնչուող շարք մը քաղաքական, մարդասիրական եւ հոգեբանական խնդիրներ:
Աւեցնենք, ու Փամելա Շթայնըր հանդիպում ունեցած է նաեւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան հետ:
Հենրի Մորկենթաու եղած է ամերիկեան դիւանագէտ, ԱՄՆ դեսպանը օսմանեան կայսրութեան մէջ (1913 – 1916 թուականներուն), դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը , անոր անդրադարձած է իր յուշերուն մէջ:
1913–16-ին ան ԱՄՆ-ի դեսպանն էր Թուրքիոյ մէջ, Առաջին Համաշխարհային պատերազմը (1914–18 թթ.) սկսելէն ետք Օսմանեան կայսրութեան մէջ ներկայացուցած է նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Իտալիոյ, Պելճիքայի շահերը:
Մորկենթաուի «Հայկական ջարդերու առթիւ» (1918 թ.), «Ինչու պէտք է կործանել Օսմանեան կայսրութիւնը» (1918 թ.), «Հայաստանը կը կանչէ» (1918 թ.), «Կ՛ոչնչանա՞յ արդեօք Հայաստանը» (1920 թ.), «Հայերու կոտորածները 1915-ին» (1922 թ.) յօդուածները եւ «Հայաստանի ողբերգութիւնը» (1918 թ.), «Պոսֆորի գաղտնիքներ. 1913–1916» (1918 թ.), «Դեսպան Մորկենթաուի պատմութիւնը» (1918 թ., հայերէն` 1919 թ.) գիրքերը արժանահաւատ վկայութիւններ են Մեծ Եղեռնի մասին: Ան մերժած է ռազմական անհրաժեշտութեամբ հայերու տեղահանութեան թրքական վարկածը եւ ապացուցած, որ երիտթրքական պարագլուխներուն նպատակը հայ ազգի իսպառ ոչնչացումն էր: Մորկենթաուն դատապարտած է նաեւ եւրոպական տէրութիւններու անտարբերութիւնը հայերի հալածանքներուն նկատմամբ, որ իր հերթին խրախուսած է թուրք ջարդարարները: