Ախթամարի եկեղեցին ընդգրկուած է UNESCO համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցուցակին մէջ
Վանայ լիճի Ախթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող եւս 9 պատմամշակութային կոթողներու հետ ընդգրկուած է UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցուցակին մէջ:
ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` թրքական «Taraftar» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ նշեալ եկեղեցին ճարտարապետական առումով միջնադարի հայկական արուեստի ամենավառ յուշարձաններէն մէկն է:
Ներկայացնելով եկեղեցւոյ պատմութիւնը` կայքը կը գրէ, որ այն կառուցուած է 915-921թթ. Գագիկ Առաջին թագաւորի հրամանով, իսկ ճարտարապետը եղած է Մանուէլը: Եկեղեցւոյ պատերը զարդարուած է հարթաքանդակներով, ուր պատկերուած են բոյսեր, կենդանիներ եւ սուրբգրային դրուագներ:
Թրքական լրատուամիջոցի համոզմամբ` Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ընդգրկումը UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցուցակին մէջ կը նպաստէ քաղաքի զբօսաշրջութեան զարգացման:
Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Օմեր Չելիք ըսած է, որ զինք շատ կ’ուրախացնէ այդ փաստը: Ան միաժամանակ յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները թոյլ տուած են հայերուն Ախթամարի մէջ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցել:
Չելիք նաեւ նշած է, որ եկեղեցւոյ ընդգրկումը այդ նախնական ցուցակին մէջ յատկապէս այս շրջանին օրինակ եւ «ուղերձ պիտի ըլլայ օտարերկրկեայ խորհրդարաններուն համար, որոնք Հայկական սփիւռքի քարոզչութեան ազդեցութեան տակ մնացած են»: Ըստ Չելիքի` օտարերկրեայ խորհրդարանները կը քաղաքականացեն այն ցաւալի դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են թուրքերու եւ հայերու միջեւ ու ցաւ պատճառած երկու կողմերուն ալ: