ԵԱՀԿ-ը Դիտարկում Իրականացուցած Է Մարտակերտի Շրջանի Թալիշ Գիւղի Ուղղութեամբ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` Ապրիլ 27-ին ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ ծրագրուած դիտարկում իրականացուցած է ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղի հիւսիսային ուղղութեամբ:

ԼՂՀ արտաքին գործքց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութեան փոխանցմամբ` ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի դաշտային օգնական Իրժի Ապերլեն (Չեխիա) եւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Փեթեր Սուետպերկը (Շուէտ):

Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացրուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի դաշտային օգնական Եւկենի Շարովը (Ուքրանիա) եւ ԳՆԱՆ անձնական օգնական Սայմըն Թիլըրը (Մեծ Բրիտանիա):

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, հրադադարի խախտումներ չեն արձանագրուած:

Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէ ուղեկցած են ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

Scroll Up