Թուրք գործիչները Արցախի մէջ յարգած են Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը (տեսանիւթ)

Ապրիլ 26-ին խումբ մը թուրք գործիչներ Արցախի մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ղարաբաղեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին, կը յայտնէ NEWS.am-ը:
Кarabakh-open կայքի փոխանցմամբ, անոնք առաւօտեան այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ տեղադրած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ զոհուած ազատամարտիկներու գերեզմաններուն մօտ:
Հիւրերը կը ներկայացնեն երկու` «Ցեղասպանութենէն տուժածներու զօրակցութիւն» (Պեռլին) եւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան» (Ֆրանքֆուրտ) կազմակերպութիւնները:
«Ընդդէմ ցեղասպանութեան» կազմակերպութեան ղեկավար Ալի Էրթեմ կը նշէ, որ Թուրքիոյ կողմէ բնաջնջուած են այդ տարածքներուն մէջ ապրող հայերը, յոյները, ասորիները, եզտիները:
«1915-ը խաւարի գագաթնակէտն էր, ուր իր բնօրրանին մէջ սպաննուեցաւ, արմատախիլ եղաւ լուսաւոր ժողովուրդ մը: Ցեղասպանութեան ճանաչում կը նշանակէ ոչ միայն դատապարտում, այլ նաեւ փոխհատուցում: Այն ամբողջը, որ խլուած է հայ ժողովուրդէն, պէտք է կրկին իր իսկական տիրոջը վերդարձուի: Ես ծունկի կու գամ
բոլոր զոհերու յիշատակին առջեւ, ներողութիւն կը խնդրեմ իմ եւ կազմակերպութեան բոլոր անդամներու անունով, – ըստ Karabakh-life-ի, ըսած է Ա. Էրթեմ:
Անոնք այցելած են նաեւ յուշահամալիրի հարեւանութեամբ հանգչող Արցախեան գոյապայքարի նահատակներու շիրիմները, յարգած հարիւրաւոր քաջորդիներու յիշատակը, ծաղկեպսակ տեղադրած յուշահամալիրին մէջ:
«Արցախի ազատագրումը մեզի համար բազմիմաստ արժէք է: Ատրպէյճանը` Թուրքիոյ ցեղասպան կառավարութեան հետ յանցաւոր պայմանաւորուածութեամբ, փորձեց օգտագործել Սովետական միութեան փլուզումը իբրեւ առիթ` այս փոքրիկ հողին վրայ եւս հայերուն ցեղասպանութեան ենթարկելու: Նոյնը ինչ ըրին 1915 թ, մտադիր էին ընելու այստեղ: Սակայն լաւագոյն տղաները իրենց կեանքի գինով ազատագրեցին այս հողը, ցոյց տալով աշխարհին, որ այլեւս 1915-ը պիտի չկրկնուի»,- ազատամարտի զոհերու շիրիմներուն մօտ ըսած է Ա. Էրթեմ:
Նշենք, որ «Ցեղասպանութենէն տուժածներուն զօրակցութիւն» կազմակերպութեան ղեկավար Ռեճէպ Մարաշլըն առաջիններէն է, որ Թուրքիոյ մէջ` 1985 թ, բարձրաձայնած է ցեղասպանութեան մասին, որուն պատճառով ձերբակալուած է ու 17 տարիներ ապրած բանտին մէջ` ենթարկուելով դաժան խոշտանգումներու:
Հիւրերը Ստեփանակերտի յուշահամալիրէն ուղեւորուած են դէպի Գանձասար` մասնակցելու կիրկանօրեայ պատարագին: