Հալէպի Մէջ Արեան Տուչութեան Արշաւ

«Թուրքիան անմեղ զոհերու արիւնը խլեց… մենք մեր արիւնը կը նուիրենք Սուրիոյ» Սոյն նշանաբանով, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմինի հովանաւորութեամբ եւ ՀԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, տեղի ունեցաւ արեան տուչութեան արշաւ:

Արդ, 100 երիտասարդ երիտասարդուհիներ, այս առիթով պատրաստուած տարազներով, Ա.Մ.Ժ. ՏԱՆ դիմացէն ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք Սրբոց Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց ձեռամբ՝ մասնակիցներուն, Հալէպի պետական աւագանիի ներկայացուցիչներուն, ճարտարարուեստի գրասենեակի տնօրէնին, ինչպէս նաեւ Հալէպի արեան տուչութեան կեդրոնի տնօրէնին:

Նախքան արեան տուչութեան գործընթացը կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ արաբերէն խօսք արտասանեց Տոքթ. Աբրահամ Եագուպեան, իսկ հայերէն՝ Գարոլին Քիւրքլեան-Արոյեան, որոնք անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Սուրիոյ ասպնչական ժողովուրդի հիւրընկալութեան, նշելով որ արեան տուչութեան այս ձեռնարկը հալէպահայութեան երախտագիտութեան արտայայտութիւնն է:

Տեղին է նշել, որ Հալէպի զանազան զանգուածային լրատուամիջոցներ, ինչպէս նաեւ Երկիր Մետիայի Սուրիոյ գրասենեակի ներկայացուցիչները արձագանգեցին սոյն միջոցառման:

Scroll Up