ԱՄՆ-ն Ոչ Թէ Մէկ, Այլ Առնուազն Չորս Անգամ Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան համակարծիք է` աշխարհի մէջ ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան մեծ արշաւ կայ, բայց ատիկա ընդամէնը հայերը ուրախացնելու առիթ կու տայ եւ ոչ որեւէ իրաւական հետեւանք: «Որեւէ իրաւական հետեւանք չունի այդ արձագանգը: Միակ լաւ բանն այն է, որ մենք լաւ կը զգանք, երբ աշխարհը ճանչնայ մեր Ցեղասպանութիւնը, այլ այդ յայտարարութիւնները ու բանաձեւերը իրաւական ուժ չունին»,-լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ ըստ Tert.am-ի՝ ըսած է Յարութ Սասունեան:

Անոր համար յստակ է, որ հայ ժողովուրդի եւ նաեւ իշխանութեան ու բոլորին սպասելիքները ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայէն, թէ ան պիտի արտասանէ «ցեղասպանութիւն» բառը, թէ` ոչ, ու իբր թէ ԱՄՆ-ն չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Առնուազն անտեղեակութիւն կայ եւ իսկապէս մենք ատով մեծ վնաս կու տանք մեր պատիւին ու պահանջատիրութեան` անընդհատ սպասելով, թէ ԱՄՆ նախագահը ինչ պիտի ըսէ, Քլինթընը, Պուշ կրտսերը, Պուշ մեծը, հիմա ալ Օպաման»,- ըսած է ան եւ նշած, թէ  շունչերնիս պահած այդ բառի արտասանութեան վրայ անտեղի ժամանակի կը վատնենք:

«Եթէ ԱՄՆ նախագահը ըսէ ատիկա ոչ մէկ արժէք ունի, պարզապէս լաւ զգացումի եւ խօսքի մակարդակի վրայ է: Շատ մարդիկ, նոյնիսկ ղեկավար աթոռներու վրայ Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի, կը սպասեն ԱՄՆ նախագահի «ցեղասպանութիւն» բառին եւ երբ օրինակ` Օպաման չ՛ըսեր, բոլորը կը գրեն եւ սխալ տեղեկութիւն կը փոխանցեն` ըսելով, թէ ԱՄՆ-ն չի ճանչնար ցեղասպանութիւնը: Նման բան չկայ, իրականութիւնը այն է, որ ԱՄՆ-ն ոչ միայն ճանչցած է, այլ ճանչցած է բազմաթիւ անգամներ»,- նշած է ան եւ յստակ փաստացի տուեալներ ներկայացուցած, որուն մասին նշած է, որ այնպէս չէ, թէ ատոր մասին միայն ինք գիտէ, այլ փաստեր են, որմէ ետք նոյն աղմուկը բարձրացած է, նոյն Թուրքիան ետ կանչած է իր դեսպանը:

«1951-ին ԱՄՆ Կառավարութիւնը ուղարկած է պաշտօնական փաթեթ, ուր կը նշուի 20-րդ դարուն տեղի ունեցած երկու ցեղասպանութիւններու մասին` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոսթի մասին, երկու պարագային ալ օգտագործելով «ցեղասպանութիւն» բառը, այսինքն`  արդէն 1951-ին ԱՄՆ կառավարութեան մակարդակով ճանաչում ունինք եւ ինչ ալ ըրած ենք անկէ ետք ԱՄՆ-ի համար` իզուր ըրծ ենք ու եթէ մէկ անգամ ճանչցած է` երկրորդ անգամ, երրորդ անգամ ճանչնալը իմաստ չունի»,- ըսած է ան եւ նկատած, որ 60 տարի վատնած ենք` հետապնդելով ճանաչումը:

«Բայց այստեղ չի կանգնիր մեր անտեղեակութիւնը. 1975-ին ալ ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատը, ԱՄՆ Քոնկրէսի երկու պալատներէն մէկը բանաձեւ մը ընդունած է, որ ընդունուած է միաձայն` 431 քոնկրէսականներու կողմէ, ուր կ՛ըսուի, որ Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու օրն է, եւ կ՛ըսուի միաձայն եւ այդ բոլոր փաստաթուղթերը կան: Այսինքն` 75-ին ԱՄՆ-էն կը ստանանք երկրորդ ճանաչում մը, բայց այստեղ ալ մենք կանգ չենք առներ եւ կը սպասենք երրորդ, չորրորդ ու հարիւրերոդ անգամին»,- ըսած է ան:
Ան շարունակած է, որ 1981-ին Ապրիլ 22-ին ԱՄՆ նախագահ Ռէյկըն հռչակագիր ընդունած է, որ ոչ ելոյթ է ու ոչ ալ ճառ, այլ Սպիտակ տան կողմէ պաշտօնական հռչակագիր, ուր բառացի կը նշուի հայկական ցեղասպանութիւն: «Այսինքն` Կառավարութեան, Քոնկրէսի, ու Նախագահի մակարդակով ունինք ճանաչում, բայց մենք կը շարունակենք, դեռ աւելին` 1984-ին ալ կը յաջողի անգամ մը եւս Քոնկրէսի մէջ անցնել բանաձեւ, ուր կ՛ըսուի, որ Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու օրն է»,- ըսած է Սասունեան եւ նշած, որ դեռ 3 անգամ ալ դաշնային դատարաններու մէջ եղած են որոշումներ Ցեղասպանութեան հարցով: Մինչդեռ ըստ անոր` երկիրներու թիւ կը նշեն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ուր ԱՄՆ-ն չկայ:

Իսկ թէ ինչ է պատճառը, որ կենտրոնացած ենք ԱՄՆի վրայ, Յարութ Սասունեան կը թուէ քանի մը պատճառներ, որոնցմէ առաջինը ըստ անոր անտեղեակութիւն է: Երկրորդ պատճառն ըստ անոր, սկսած են ճանաչման գործընթաց, որ կը շարունակեն մեքանականօրէն, քանի որ ատիկա կ՛ընեն այն մարդիկ, որոնք այլ բան ընել չեն կրնար եւ չեն կրնար իրաւական ընթացք սկսիլ:

Երրորդ պատճառը Յարութ Սասունեանի խօսքով այն է, որ հայ ժողովուրդը երբեք լաւ քաղաքական միտք չունի եւ չէ ունեցած: «Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին չենք ունեցած երբեք լաւ քաղաքական միտք, եղած ենք փայլուն ամէն ինչ, բայց ոչ փայլուն քաղաքական գործիչներ, միշտ եղած ենք ուրիշի իշխանութեան տակ, քանի որ քաղաքական հասունութիւն չենք ունեցած, որ որպէս ժողովուրդ` տանինք առաջ: Այսօր ալ չունինք քաղաքական փայլուն միտք, եւ չենք ըներ այն, ինչ պէտք է ընենք»,- ըսած է ան եւ եւս մէկ անգամ կոչ ըրած, որ որեւէ պատճառ չկայ կեդրոնանալու ԱՄՆ-ի վրայ:

«Նոյնիսկ եթէ վաղը հրաշք պատահի եւ վաղը բանաձեւ ընդունուի Քոնգեսի կողմէ, կամ Օպաման ըսի «ցեղասպանութիւն» բառը, յետոյ, ի՞նչ, նորէ՞ն պէտք է պնդենք, որ յաջորդ անգամ ըսէ: Ասիկա քաղաքական ոչ հասունութեան արդիւնք է»,- եզրափակած է ան:

Scroll Up