Գանատայի Զօրեան հիմնարկի նախագահը այցելեց սփիւռքի նախարարութիւն
Ապրիլ 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գանատայի Զօրեան հիմնարկի նախագահ Կրեկ Սարգսեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հ. Յակոբեան կարեւոր համարեց Զօրեան հիմնարկի գիտական գործունէութիւնը, մասնաւորապէս, անոր ներդրումը Հայոց Ցեղասպանութան վերաբերեալ միջազգային հանրութեան իրազեկման գործընթացին մէջ:
«Զօրեան» հիմնարկի կատարած գիտակրթական աշխատանքները, բազմազան հրատարակութիւնները կը վկայեն հիմնարկի մեծ ներուժի մասին: Հիմնարկը հսկայական ջանքեր կը գործադրէ ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու ճանաչման գործին մէջ գիտնականներու նոր սերունդ պատրաստելու համար:
Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ պատմաբաններու, ցեղասպանագէտներու եւ իրաւագէտներու յետագայ քայլերու մասին հարցեր: