Արժանթինի հայ պատգամաւորները ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/b11.jpg)
Ապրիլ 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Արժանթինի խորհրդարանի անդամներ Աննա եւ Կրիսելա Պոյաճեան քոյրերը, որոնք նախնիներու հայրենիք եկած էին` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն:
Նախարարը իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեց Արժանթինի մէջ նման բարձր քաղաքական դիրքի հասած հայ քոյրերուն համար եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք իրենց աւանդը կը ներդնեն` նպաստելու հայ-արժանթինական յարաբերութիւններու զարգացման:
Ջերմ շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Պոյաճեան քոյրերը իրենց յուզումն ու հիացումը արտայայտեցին` շեշտելով, որ իրենց համար չափազանց կարեւոր էր Հայաստանի մէջ յատկապէս այս օրերուն գտնուիլն ու հարազատ ժողովուրդին հետ ապրիլեան ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակից դառնալը: Ատիկա իւրօրինակ յարգանքի տուրք էր ցեղասպանութիւն տեսած իրենց նախնիներու յիշատակին: Ներկայացնելով իրենց ընտանիքի պատմութիւնը` Պոյաճեան քոյրերը տեղեկացուցին, որ ընտանիքին մէջ 5 քոյր են, եւ բոլորն ալ բարձր դիրք կը գրաւեն Արժանթինի քաղաքական ասպարէզին մէջ:
Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Պոյաճեան քոյրերը առաջին անգամ կ’այցելեն Հայաստան` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոնց ծանօթացուց Հայաստանի նուաճումներուն եւ դժուարութիւններուն` ընդգծելով, որ Ապրիլ 24-ը հայ ժողովուրդին համար ոչ միայն ցաւի եւ յիշատակի, այլեւ վերածնունդի ու ապագայի յոյսերու օր է, եւ որ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան շնորհիւ իրականութիւն կը դառնայ ամուր եւ հզօր Հայաստանը, եւ անոր մէջ իրենց նպաստը պէտք է ունենայ իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ, որ ապրի:
Հրաժեշտէն առաջ Պոյաճեան քոյրերը խոստացան յաճախ այցելել հայրենիք եւ աւելի գործնական նպաստել արժանթինա-հայկական յարաբերութիւններու սերտացման ու ամրապնդման: