Ազնիւ Հայ Մտաւորական Մըն Էր Արա Գաբրիէլեան

Որքա՜ն դժուար է անցեալով խօսիլ ազնիւ անձի մը մասին…

Ամէն անգամ որ Արա Գաբրիէլեանի կը հանդիպէի, Նիւ Եորք կամ Հայաստան, կը վերանորոգուէր զարմացական հիացումս այս ամերիկածին մտաւորականին հանդէպ: Ինչպէ՞ս պատահած է, որ ամերիկեան հալոցին մէջ,- որ բոլոր տեղատուութիւններու արդարարացումն է,- Արա Գաբրիէլեան առանց սեթեւեթի հայախօս էր, օտար բառերով չէր աղճատեր իր ժառանգութիւն բարբառը: Կենդանի փաստ՝ որ կարելի է հոսանքին դէմ նաւարկել:

Համալսարանական տիտղոսը դրօշակ չէր ըրած: Ուսուցիչ էր, սիրուած եւ գնահատուած, իր հանգստեան կոչուելէն ետք ալ զինք կը կանչէին աշխատանքի, քանի որ ասպարէզին համար կարեւոր՝ հանդարտաբարոյ ըլլալու շնորհը ունէր: Այդպէս էր նաեւ հանրային կեանքի մէջ: Ընտանեկան յարկը կը բաբախէր մշակոյթով եւ ազգային ապրումներով:

Արա Գաբրիէլեան ունեցած է ժողովական բեղուն գործունէութիւն. թեմական, կուսակցական եւ համազգայնական:

Ինքնատիպ տիպար մըն էր: Պարկեշտութիւն կը ճառագայթէր, համոզումներ ունէր, զանոնք գիտէր պաշտպանել, անոնց ծառայել, ազնիւ յամառութեամբ, միշտ հետամուտ ըլլալով յաւելեալ ծառայութեան, ոչ յաւելեալ իրաւունքի համար: Առանց պոռոտ խօսքի գիտէր տեսակէտ արտայայտել:

Հայ քաղաքական կեանքին մէջ այնքան աղմուկ ստեղծած հայեւթուրք յարաբերութիւններու ծիրէն ներս հռչակաւոր «փրոթոքոլներ»ու առիթով, իր խիտ խօսքը կը բնութագրէ իր մտածումներուն յստակութիւնը եւ քաղաքական յանձնառութիւնը: Խօսքը ուղղելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, կ’ըսէր. «Իբրեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչ եւ Եղեռնէն վերապրողներու ամերիկածին զաւակ, կ’ուզեմ Ձեզ տեղեկացնել, որ սփիւռքահայութիւնը աւելի քան ութը տասնամեակներու ընթացքին, առանց վարանումի կամ յուսահատութեան Հայ Դատ հետապնդեց, որուն մաս կազմեցին ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ պատմական, բարոյական եւ Սեւրի դաշնագրով իրաւականօրէն ճանաչուած մեր հողային պահանջատիրութիւնը»:

Մեր երկարապատում ճառերուն խտացումն են այս տողերը: Իր կենսագրութեան բնութագրումը կայ իր խօսքի չորս բառերուն մէջ.  «Եղեռնէն վերապրողներու ամերիկածին զաւակ»… Արա Գաբրիէլեան հաւատարմութեամբ ընդունած էր ժառանգութիւնը եւ գիտէր փոխանցել:

Արա Գաբրիէլեանի մտահորիզոնը չէր սահմանափակուեր մեր ժամանակակիցներու շատերուն յատուկ նահանջականութեամբ, որ կը յատկանշուի ցեղասպանութեան պարզ ճանաչումով: Սեւրի դաշնագիրն էր քաղաքական աշխատանքի առանցքը, այսինքն՝ Հայաստանի ամբողջացումը: Իրեն համար Հայաստանը սոսկ «պատմական» չէր, պատմութեան անիւը անշրջելի չէր, քաղաքական ձախաւերութիւն էր խորհիլ եւ գործել այնպէս, որ պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել: Բանակ էին անոնք որոնք չէին հաւատար նաեւ անկախութեան:

Արա Գաբրիէլեան, ինչպէս իրեն սերնդակից Արիս Սեւակը, օրինակելի էին, իրենց այն առաքինութեան համար, որ գիտցան պահել արեւմտահայերէնի հարազատութիւնը: Իրաւ հաւատքի վկայութիւն:

Վերջին անգամ միասին էինք Հայաստան, մասնակցեցանք խորհրադաժողովի: Հարազատութեան մթնոլորտի մէջ լուռ գոհունակութիւնը կը կարդացուէր դէմքին վրայ:

Մեր զրոյցներու ընթացքին իրմէ խնդրած էի, որ աշխատակցի «ԲԱԳԻՆ» գրական հանդէսին: Խոստացած էր եւ ղրկեց գրութիւն մը, որ լոյս կը տեսնէ մամուլի տակ եղող համարով:

«ԲԱԳԻՆ» կը կորսնցնէ իր «ամերիկածին» նոր եւ միակ աշխատակիցը:

Նիւ Եորքն ալ կը կորսնցնէ «ամերիկածին» իր գինիին ջուր չխառնած հայ անխարդախ ազնիւ մտաւորականը…

Ֆրանսացի իմաստասէր մը կ’ըսէր, որ անմահութիւնը ապրողներու յիշողութիւնն է:

Յ. Պալեան

Scroll Up