Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը հրաւիրած է Պոլսոյ մէջ կայանալիք ապրիլքսանչորսեան պատարագին
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը Պոլսոյ մէջ Գումգափու թաղամասի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք ապրիլքսանչորսեան պատարագի մասին տեղեկութիւն տեղադրած է Ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ:
«Սուրբ Զատիկէն սկսած` քառասուն օր մենք կ’ապրինք զատկական ուրախութիւնը ու կը գովերգենք Քրիստոսի յարութիւնը: Այս շրջանը կը համընկնի Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին յանուն հաւատքի զոհուած եւ սրբադասուած նահատակներու յիշատակութեան օրուան»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի, որ այդ օրը Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ պատարագ պիտի մատուցուի, որուն պիտի մասնակցին պատրիարքարանի միաբանները, քահանաներն ու սարկաւագները: Պատարագի աւարտին
հոգեհանգստեան կարգ պիտի իրականացուի: