«Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեանին յանձնուեցաւ գլխաւոր մրցանակ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ համատեղ կազմակերպուած «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` լաւագոյն հրապարակում» անուանակարգին մէջ գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ Արժանթինի «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեան:
Ապրիլ 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Արժանթինի «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեանին յանձնեց մրցանակը:
Ողջունելով ներկաները` նախարարը նշեց. «Ուրախալի է այն, որ հեռաւոր Արգենտինայում գործում է «Սարդարապատ» հայաշունչ անունով շաբաթաթերթ, որը ազգապահպան գործունէութիւն է ծաւալում ոչ միայն արգենտինահայութեան շրջանում, այլեւ արգենտինացիներին ծանօթացնում է հայ ժողովրդի պատմութեանն ու ներկային»: Նախարարը մաղթեց նաեւ, որ թերթը, որ դարձած է հայապահպանութեան կեդրոն առաւել աշխոյժ շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Ստանալով մրցանակը` «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր գնահատանքի համար եւ նշեց, որ շաբաթաթերթը ալ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէ հայապահպանութեան ուղղուած իր գործունէութիւնը: