Գերմանացի պատգամաւորը մանկութենէն լսած է Կոմիտաս ու կը սիրէ հայկական ուտեստներ

Պունտեսթագի Քրիստոնեայ դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւոր Մարտին Փացոլտ թէպէտ ոչ շատ վարժ, սակայն կը խօսի եւ կը հասկնայ հայերէն:

Առաջին անգամ կ’այցելէ Հայաստան, սակայն թէ վայրերը, թէ մարդիկ հարազատ են: Հայերու ու Հայաստանի մասին Փացոլտ գիտէ մանկութենէն: Անոր մայրը հայ է, հայրը գերմանացի: Մայրը անոր ոչ միայն հայերէն  սորվեցուցած է, այլ պատմած Կոմիտասի մասին:

«Կոմիտասի երաժշտութիւնը  մանկութենէս  ծանօթ է ինծի: Մայրս հայ է եւ ինծի սորվեցուցած է հայերէն, ես միշտ սիրած եմ Կոմիտասը եւ երբ եկայ Հայաստան, ցանկութիւն յայտնեցի այցելել Կոմիտասի թանգարան: Ես այդքան ալ լաւ չեմ խօսիր հայերէն, բայց երբ դուք հայերէնով հարց կու տաք, խօսքերը ինծի համար շատ հարազատ կը թուին»,- «Արմէփրէս»-ի հարցին ի պատասխան ըսաւ պատգամաւորը: «Ես հայկական ուտելիքներ շատ կը սիրեմ: Մեր տան մէջ յաճախ հայկական կերակուրներ կը պատրաստուին եւ ատոնք ամենահամեղն են»,- կ’ըսէ պատգամաւորը` շեշտելով, որ իր սիրտը հայ է, գլուխը` գերմանացի:

Scroll Up