Ընկերվարական Կիներու Միութիւնը Կը Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը

Ընկերվարական կիներու միութիւնը գրաւոր հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով, ուշադրութիւն հրաւիրած է այն իրողութեան վրայ, որ այս տարին հարիւրերորդ տարին է օսմանեան շրջանին, իթթիհատականներուն կողմէ հայերու դէմ կազմակերպուած սպանդին, եւ հակառակ անոր, որ հարիւր տարի անցած է, այս Ցեղասպանութիւնը տակաւին չէ ճանչցուած Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։
«Այն ազգերը, որոնք պատմական ճշմարտութիւններու հետ երես առ երես գալ չեն ուզեր, իրենց ապագան կը կորսնցնեն։ 1914 թուականէն սկսեալ, Վանէն մինչեւ Իզմիթ, Սվասէն մինչեւ Սամսուն, ամբողջ Անատոլուի մէջ հայերու արիւնը հոսեցաւ, անոնց ինչքերը թալանուեցան, կիներն ու զաւակները առեւանգուեցան, կիները բռնաբարուեցան։ Այս բոլորը մեզի միայն հարիւր տարի առաջուանը չէ որ կը յիշեցնեն, անոնք մեզի կը յիշեցնեն նաեւ մեր մօտիկ անցեալը», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ընկերվարական կիներու միութիւնը մանրամասնօրէն պատմած է, թէ ինչպէս հայ կիները առեւանգուեցան, գերիներու նման վաճառուեցան շուկաներու մէջ, թէ մօտաւորապէս 200 հազար հայուհիներ բռնի կերպով իսլամ դարձուեցան, իսկ հազարաւոր կիներ ընտրեցին անձնասպանութեան ճամբան։
Միութիւնը հայերէն ներողութիւն կը խնդրէ, միաժամանակ Թուրքիոյ պետութիւնը հրաւիրելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ բոլոր կիներուն թելադրեց շարունակ պայքար տանիլ ցեղասպանութիւն կիրարկողներուն դէմ։
«Մարմարա»