Երեւանի Մէջ Ծառատունկ՝ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Ս. Ավդալբեկեանի անուան Առողջապահութեան ազգային հիմնարկի, ՀՀ ԱՆ աշխատակազմի արտօնագրութեան գործակալութեան եւ Առողջապահական ծրագիրբերու իրականացման գրասենեակի աշխատակիցներու նախաձեռնութեամբ, այսօր կազմակերպուեցաւ ծառատունկ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին: Այս մասին կը հաղորդէ NEWS.am-ը:
Առողջապահութեան ազգային հիմնարկի բակին մէջ տեղի ունեցած ծառատունկին մասնակցած է նաեւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեանը:
Նախարարութեան աշխատակիցները տնկած են Հայոց ցեղասպանութեան 100 տարին խորհրդանշող 100 ծառ: Կատարուած են նաեւ յարակից տարածքի բարեկարգման աշխատանքներ: