Հոլանտայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատը որոշում ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ

Ապրիլ 9-ին Հոլանտայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատը ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ ընդունեց որոշում, ուր կարեւոր կը հմարաուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ իրենց պատմութեան վերաբերեալ ընդհանուր համաձայնութեան ձեռքբերումը, համոզում յայտնել, որ փոխադարձ ըմբռնումի հասնիլը 1915 թուականի վերաբերեալ անհրաժեշտ է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու յառաջընթացին համար, յոյս կը յայտնուի առ այն, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ոգոկոչման ձեռնարկները Հոլանտայի եւ այլուր իրենց ներդրումը կը բերեն ներգրաւուած համայնքներու միջեւ յարգանքի ու իրար ընդունման ձեւաւորման, կը յանձնարարուի կառավարութեան, 2004թ. պայմանագիրով ընդունուած Ռաուֆուտի որոշման համահունչ, երկկողմանիօրէն եւ ԵՄ ծիրին մէջ շարունակել կոչ ուղղել Թուրքիոյ կառավարութեան նոր խթան հաղորդելու Հայաստանի հետ մերձեցման եւ հաշտեցման եզրեր փնտրելու Հայաստանի կառավարութեան հետ:

Ինչպէս կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, որոշումը ընդունուած է 127 կողմ եւ 13 դէմ համամասնութեամբ:

 

Scroll Up