Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած երթ Գորտոպայի մէջ` յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/կորդոբա.jpg)
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններու շարքին Գորտոպայի` ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովը, Ապրիլ 24-ին երթ կը կազմակերպէ` յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան:
Երթը կ’աւարտէ Վելէս Սարսֆիլտ հրապարակին վրայ, ուր կը մեկնարկէ ոգեկոչման համերգը, որուն կը մասնակցին հանրայայտ երաժիշտներ, ինչպիսիք են Bersuit Vergarabat, Planeador V , 4 al Hilo ռոք խումբերը եւ հայկական «Փարուանա» խումբը: