Աշոտ Դանիէլեան նուաճեց աշխարհի գաւաթը

Մարտ 27-ին Մոսկուայի մէջ մեկնարկեց Սամպոյի աշխարհի գաւաթի խաղարկութիւնը` «Խառլամպիեւի յուշամրցաշարը», որուն այս տարի կը մասնակցի 35 պետութեան շուրջ 300 մարզիկ:
Այս հեղինակաւոր մրցաշարին Հայաստան կը մասնակցի ուժեղագոյն մարզիկներով: Մրցումներուն առաջին իսկ օրը, մեր ամենահեղինակաւոր մարզիկը` Աշոտ Դանիէլեան, գերազանց իրականացուց մրցոյթները եւ 90 կգ քաշային կարգին մէջ դարձաւ մրցաշարի յաղթող ու նուաճեց աշխարհի գաւաթը:
Մէկ մետալ ալ այսօր նուաճեց Վահէ Օթարեան` 52 կգ քաշային կարգին մէջ գրաւելով երրորդ տեղը: Այս մասին Հայերն այսօրը կը տեղեկանայ Հայաստանի սամպոյի հաւաքականէն: