Կիպրոսի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մշակած է

Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքական կուսակցութիւնները Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանաչման կամ ժխտման քրէականացման ուղղուած օրինագիծ մշակած են:
Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը` վկայակոչելով թրքական «Հուրիէթ» թերթը, Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու համատեղ ներկայացուցած օրինագիծը պատիժներ կը նախատեսէ ցեղասպանութիւնը, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները չճանչցողներուն համար:
Կը նշուի, որ օրինագիծը կ’առաջարկուի ընդունել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ: Կիպրոսի Հանրապետութիւնը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Կ’ենթադրուի, որ Կիպրոսի խորհրդարանը օրինագիծը օրակարգ կը մտցնէ ընթացիկ շաբթուան մէջ: