Ապրիլ 24-ին Լոս Անճելըսի մէջ Արդարութեան երթ կ’իրականացուի

Լոս Անճելըսի մէջ գործող Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յանձնախումբը Ապրիլ 24-ին` ողբերգութեան տարելիցին օրը, Արդարութեան երթ պիտի իրականացնէ: Ատիկա այդ օրուան միակ յիշատակի ձեռնարկը պիտի ըլլայ:

Արդարութեան համար քայլերթը յանձնաժողովի կազմակերպած խոշորագոյն ձեռնարկներէն է: Մասնակիցները առաւօտեան պիտի հաւաքուին լոսանճելըսեան Փոքր Արմէնիա շրջանին մէջ եւ շուրջ 10 քմ պիտի քալեն դէպի Թուրքիոյ հիւպատոսութիւն` ի նշան թրքական կառավարութեան շարունակական ժխտողական քաղաքականութեան դէմ բողոքի: Երթին պիտի միանան նաեւ ցեղային այլ կազմակերպութիւններու անդամներ:

Յանձնախումբը ընկերային ցանցերու վրայ արշաւ սկսած է` մարդոց կոչ ընելով կարճ տեսագրութիւններ նկարահանել այն մասին, որ պիտի մասնակցին Ապրիլ 24-ի երթին, եւ ատոնք հրապարակեն համացանցին վրայ:

Scroll Up