Հայ Սկաուտի օր` Նուիրուած Մեծ Եղեռնի 100-րդ Տարելիցին

Փետրուար 22-ին Ալմելոյի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ, որ կազմակերպած էր ՀՄԸՄ Ալմելոյի վարչութիւնը, այս մասին Ալմելոյէն «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ Մանուկ Մկրտչեան:

Բացման խօսքով ՀՄԸՄ վարչութեան անունէն ելոյթ ունեցաւ Յասմիկ Օհանեան: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը, որմէ ետք հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը` սկաուտներու կատարմամբ: Երեկոյին ներկայ էին Հոլանտայի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, Ալմելոյի ՀԱԵ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաշտոց Պաղտասարեան, ՀՅԴ Արամ Մանուկեան կոմիտէի անդամներ, համայնքային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հիւրեր:

Բանախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ Մասիս Պօղոսեան: Ասմունքեցին սկաուտականներ Շահան Վարդանեան, Ռոզա Պաւագեան, Արէն Աւետիսեան: Ժաք Տէր-Ղազարեանի կատարմամբ հնչեց «Ատանայի ողբը» երաժշտութիւնը, իսկ Ռազմիկ Արամեան ընթերցեց Երեւանի Գրիգոր Զոհրապի անուան թիւ 43 դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Արփի Պերտրոսեանի «Նամակ թուրք հասակակցիս» նամակը (նամակը կրնաք ընթերցել այստեղ-խմբ.):

Ելոյթով հանդէս եկաւ Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան: Շնորհաւորելով ներկաները սկաուտի օրուան առիթով`  ան ներկաներուն կոչ ուղղեց միասնական եւ համատեղ ուժերով պայքարիլ` հասնելու մեր արդար Դատի յաղթանակին:

Ամբողջ երեկոյին ընթացքին հնչեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր` երգիչ Տիգրան Յովհաննիսեանի կատարմամբ:

Փակման խօսքին մէջ Սեւան Կորկիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ջանք չէին խնայած այս գեղեցիկ ձեռնարկը կազմակերպելու  համար:

Երեկոյին աւարտին Տիկնանց միութեան կողմէ եփուած աւանդական դարձած ոսպով ապուրը Տէր Մաշտոցի օրհնելէն ետք  բաժնուեցաւ հիւրերուն:

Ալմելո Ալմելո1 Ալմելո2 Ալմելո3 ալմելո4 Ալմելո5 Ալմելո6 Ալմելո7

Scroll Up