Տիարպեքիրի Հայերուն Նուիրուած Նոր Գիրք Մը Լոյս Տեսած Է

Թուրքիոյ մէջ Տիարպեքիրի հայերուն նուիրուած նոր գիրք  մը լոյս տեսած է. հեղինակ` Քասըմ Էրթաշ:

Գիրքին մէջ տեղ  գտած են տեղեկութիւններ Տիարպեքիրի հայերու, մուսուլմաններու եւ այլ ցեղային խումբերու հետ անոնց շփման, կենսակերպի, ընտանեկան կեանքի, կրօնական ծէսերու ու կառոյցներու մասին:

«Անատոլիոյ հնագոյն ազգերէն մէկուն` հայերու սոցիալ-մշակութային կեանքի մասին քիչ տեղեկութիւններ ունինք: Տիարպեքիրի հայերը` նոյնպէս: Չնայած Օսմանեան կայսրութեան մէջ Տիարպեքիր նահանգին մէջ կրօնական եւ մշակութային հարուստ խումբեր  եղած են: Գիրքը կը պատկերէ   Օսմանեան   կայսրութեան   բոլոր
գոյները եւ կարծէս կայսրութեան մանրակերտն է»,- Tert.am-ի տեղեկացմամբ, գիրքին մասին հաղորդած է թրքական kitapyurdu.com կայքը:

Scroll Up