«Նացիզմը Եւ Փանթիւրքիզմը, Համեմատական Մօտեցում» Թեմայով դասախօսութիւն Աթէնքի մէջ

Երկուշաբթի, Փետրուար 16-ին, Աթէնքի` Նիկիոյ քաղաքապետարանի սրահին մէջ «Նացիզմը եւ Փանթուրքիզմը, համեմատական մօտեցում» թեմայով տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն յունահայ գրող-հրապարակախօս` պարոն Յովսէփ Քասեսեանի բանախօսութեամբ:

«Յունահայկական» հետազօտութիւններու կեդրոնի քարտուղար, «Հայաստան» եւ «Նոր աշխարհ» շաբաթաթերթերու աշխատակից պարոն Յովսէփ Քասեսեան յունարէն լեզուով` յունախօս հասարակութեան համար ներկայացուցած իր վերլուծութեամբ, բացատրեց Նացիզմ եւ Թիւրքիզմ քաղաքական շարժումներու հասարակած արմատներու, որոնք 20-րդ դարուն իրագործեցին երկու ամենամեծ ցեղասպանութիւնները: Բանախօսը խօսեցաւ նաեւ երկու ցեղասպանութիւններու տարբերութիւններու մասին, նշելով, որ եթէ հրեաները կորսնցուցին կեանք ու սեփականութիւն, հայերը` առաւել եւ առաջին հերթին հայրենիք:

«Հայ ազգի նկատմամբ որեւէ նիւթական եւ բարոյական հատուցում, առանց հողային հատուցման, պիտի ըլլայ թերի եւ կեղծ», – եզրակացուց պարոն Քասեսեան:

«Յունահայկական» հետազօտութիւններու եւ Աթէնքի Նիկիոյ քաղաքապետարանի մշակութային կեդրոններու  համագործակցութեամբ կազամակերպուած ձեռնարկը ներկայացուց «Յունահայկական» հետազօտութիւններու կեդրոնի նախագահ` պարոն Հայկ Գասարճեան:

Յովսէփ Քասեսեան

«Հայաստան» լրատու ցանց, 17.02.2015.

OLYMPUS DIGITAL CAMERA հունաստան1 Հունաստան3

 

Scroll Up