Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Նոր Գիրք Լոյս Տեսած Է Եւ Ձօնուած Էրտողանին

Պատմական ստեղծագործութիւններով թուրք ընթերցողին յայտնի Քատիր Մըսըրօղլուի հերթական ստեղծագործութիւնը նուիրուած է Հայկական հարցին, կը գըրէ Tert.am:

«Պատմութենէն մինչ մեր օրերը. Հայկական հարցն ու վայրագութիւնները» վերնագրուած գիրքը նուիրուած է հայերու «տեղահանութեան» 100-ամեակին:

Այն բաղկացած է 7 բաժիններէ:

Գիրքի յառաջաբանին մէջ կը նշուի, թէ ամէն տարի ցեղասպանութեան մասին պնդումներով կը բնութագրուի «1915-ի տեղահանութիւնը», որ իրականութեան մէջ «փոխադարձ հարուածներ»  եղած է:

Ապա հայերու հասցէին մեղադրանքներ կը հնչեն, թէ այդ ամէնը տեղի  ունեցած են միայն «Օսմանեան կայսրութեան անհաւատարիմ» հայերու պատճառով եւ որ նախայարձակ եղողները հէնց հայերը  եղած են, իսկ թուրք ազգն այդ ամէնը «մոռցած  ու ներած է»:

Ի դէպ, Քատիր Մըսըրօղլուն իր այս ստեղծագործութիւնը ձօնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին:

«1915 թուականի տեղահանութեան ընթացքին տարբեր պատճառներով զոհուած հայերու ժառանգներուն ցաւակցած, առաջին անգամ թուրք ժողովուրդի կողմէ առաջնորդ ընտրուած նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին ձօնելը մեծ պատիւ է ինծի համար»,- գրած է հեղինակը:

Scroll Up