Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ վերընտրուած է Ֆ. Քալթընպախ

Հօ-տը-Սէ­նի ծե­րակու­տա­կան Ֆի­լիփ Քալ­թընպա­խի գրա­սենեակէն ղրկո­ւած Յու­նո­ւար 29 թո­ւակիր հա­ղոր­դագրու­թե­նէ մը կը տե­ղեկա­նանք, թէ ան վե­րընտրո­ւած է Ծե­րակոյ­տի Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան բա­րեկա­մու­թեան խմբակ­ցութեան նա­խագահ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը:

Քալ­թընպախ այս առ­թիւ կը յայ­տա­րարէ. “Նախ եւ առաջ հպարտ եմ վե­րընտրու­ելով՝ Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան բա­րեկա­մու­թեան խմբակ­ցութեան որ­պէս նա­խագահ, պաշ­տօն մը զոր կը վա­րեմ ար­դէն երեք տա­րիէ ի վեր։ Ֆրան­սա՝ Հա­յաս­տա­նի հա­ւատա­րիմ բա­րեկամն է եւ կ՚ու­զեմ ա՛լ աւե­լի ամ­րապնդել եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող սերտ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը”։

Խմբակ­ցութեան փոխ­նա­խագահ ընտրո­ւած են Վալ-տը-Մառ­նի ծե­րակու­տա­կան­ներ՝ Լիւք Գար­վունաս (Ըն­կերվա­րական կու­սակցու­թիւն) եւ Էս­թէր Պէն­պա­սա (Եւ­րո­պա-Բնա­պահու­թիւն-Կա­նաչ­ներ), Առ­տէ­շի ծե­րակու­տա­կան Մա­թիէօ Տառ­նօ (UMP), Ռո­նի ծե­րակու­տա­կան Մի­շէլ Ֆօ­ռիսիէ (UMP), Իզէ­ռի ծե­րակու­տա­կան Պեր­նար Սո­ժէ (UMP), ինչպէս նաեւ Հօ-տը-Սէ­նի ծե­րակու­տա­կան եւ Ծե­րակոյ­տի փոխ­նա­խագահ Հեր­վէ Մար­սէյ (UDI-UC):

Քալ­թընպախ կը հա­ւաս­տէ, թէ 2015ին Բա­րեկա­մու­թեան խմբակ­ցութիւ­նը բնա­կանա­բար պի­տի ու­նե­նայ շատ աշ­խոյժ գոր­ծունէու­թիւն: Այսպէս, կը կազմակերպուին՝

– Ֆրան­սա­յի Ծե­րակոյ­տէն ներս՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակի ոգե­կոչումներ, ինչպէս նաեւ գի­տաժո­ղով մը՝ «Հայ­կա­կան Սփիւռքը Ֆրան­սա­յի մէջ՝ 1915ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք» նիւ­թով,
– Հան­դի­պում մը՝ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նին հետ,
– Ժո­ղով մը՝ Մինսքի խումբի ֆրան­սա­ցի նոր հա­մանա­խագա­հին հետ,
– 2015ին, Հա­յաս­տա­նէն պա­տուի­րակու­թեան մը ըն­դունե­լու­թիւնը (ըստ պատ­կան պա­տաս­խա­նատու­նե­րու հա­մաձայ­նութեան):

Քալ­թընպախ կ՚աւելցնէ նաեւ որ շփումներ կը կա­տարեն Ֆրան­սա-Թուրքիա եւ Ֆրան­սա-Ազէր­պայճան բա­րեկա­մական խմբակ­ցութիւննե­րուն հետ՝ կլոր սե­ղան­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու ուղղու­թեամբ. “առա­ջինը՝ թուրք մտա­ւորա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, նպաս­տե­լու հա­մար եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ երկխօ­սու­թեան եւ երկրոր­դը՝ հա­յաս­տանցի եւ ազէր­պայճան­ցի խորհրդա­րանա­կան­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ, նպաս­տե­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մէջ խա­ղաղու­թեան հաստատման”։

Scroll Up