Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Հիմնադրամ Ստեղծած Է` Իրաւաբանական Անձի Կարգավիճակ Ունենալու Համար

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը, իրաւաբանական անձի կարգավիճակ ձեռք բերելու նպատակով, “Յովակիմ 1461″ անուամբ հիմնադրամ մը ստեղծած է: Այս մասին կը հաղորդէ “Երկիր մետիա”-ն:
Յովակիմը Կոստանդնուպոլսոյ առաջին հայ պատրիարքը եղած է` այդ պաշտօնը ստանձնելով 1461 թուականին:
Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը, որ պիտի գլխաւորէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթեշեան, կազմուած պիտի ըլլայ պատրիարքարանի 10 անդամներէ:
Սթամպուլի 22-րդ քաղաքացիական դատարանը արդէն պաշտօնապէս արձանագրած է հիմնադրամը, որ կ’ընդունի պատրիարքարանի ֆինանսական հարցերով որոշումները: Օրէնսդրութեան համաձայն, ան կրնայ կազմակերպել սեմինարներ, համաժողովներ, հրատարակել ամսագիրներ եւ թերթեր` պատրիարքարանի նպատակներուն համահունչ յօդուածներով, նաեւ Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն նուիրատուութիւններ ընդունիլ: Հիմնադրամը իր սեփականութիւնը ունենալու իրաւունք ունի, որ կրնայ ժառանգել, գնել կամ ստանալ որպէս նուիրատուութիւն: