«Արտերկրեայ Ներդրումներ Եւ Ձեռնարկատիրական Գործունէութիւնը Հայաստանի Մէջ» Խորագիրով Դասախօսութիւն Մոսկուայի Մէջ
Դեկտեմբեր 18-ին Ռուսաստանի Հայերու Միութեան մէջ կայացած է «Արտերկրեայ ներդրումներ եւ ձեռնարկատիրական գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ» խորագիրով դասախօսութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՌԴ ՀՀ դեսպանութենէն:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՌՀՄ աջակցութեամբ կազմակերպուած այս դասախօսութիւնը կարդաց ՀՀ Նախագահին կից Պետական կառավարման ակադեմիոյ իրաւագիտութեան ամպիոնի վարիչ Ա.Եզեկեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին հայ ձեռներէցնէր, իրաւաբաններ, տնտեսագէտներ, բազմաթիւ այլ հիւրեր: Հանդիպումը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց եւ անցաւ հարցուպատասխանի աշխոյժ ձեւաչափով: Հանդիպման ընթացքին բարձրացուած հարցերը հիմնականին մէջ ուղղուած էին Հայաստանի` Եւրասիական միութեան անդամակցութեան:
Ձեռնարկին մասնակցած է դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Վ.Մելքումովան: