Չինաստանի Մէջ Մատուցուեցաւ Հայկական Պատարագ
Դեկտեմբեր 14-ին հայկական պատարագ մատուցուեցաւ Չինաստանի Գուանկճու քաղաքին մէջ:
Պատարագին ներկայ էին Չինաստանի տարբեր քաղաքներու` Գուանկճոուի, Հոնքոնկի, Նանճինկի, Շէնժէնի, Շանհայի հայեր:
Պատարագը մատուցեց Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայրապետական պատուիրակ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեան:
Կարեւոր է նշել, որ Չինաստանի մէջ վերջին անգամ հայկական պատարագ մատուցուած էր տասնամեակներ առաջ Հարպինի հայկական եկեղեցւոյ մէջ: Չինաստանի ու Հոնքոնկի հայկական համայնքը կը շարունակէ աշխոյժ գործունէութիւնը` նպաստելով հեռաւոր Արեւելքի մէջ հայապահպանութեան գործին: