Պոլսահայ Մտաւորական Սեւան Նշանեան Բանտին մէջ Օսմաներէն Բառարան Կը Կազմէ

Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեան նոյնիսկ ազատազրկման պայմաններու մէջ չի դադրիր իր գիտական գործունէութենէն:
Ինչպէս կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը` վկայակոչելով թրքական “Հուրիէթ” պարբերականը, Նշանեան Ալիաղայի բանտին մէջ օսմաներէն բառարան կը պատրաստէ: “Օրական 6-7 ժամ կ՛աշխատիմ բառարանիս վրայ: Որեւէ բառի`թրքական բնագիրներու մէջ գտած ամենահին օրինակը կը ներառեմ բառարանիս մէջ”,֊ նշած է պոլսահայ մտաւորականը: