Սրբազան Համերգ` Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին Տօնին Առիթով
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին տօնին առիթով «Աւետաբեր» միջդպրաց դասերու երգչախումբը ներկայացուց սրբազան համերգ մը` խմբավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի, շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակը»:
Տէրունական աղօթքի քառաձայն երգեցողութեամբ սկսաւ համերգը: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիզա Կառվանեան: Ան նշեց, որ մշակութային ձեռնարկները միջոցներ են մեր հոգիին մէջ անթեղուած կրակը բոցավառելու եւ մեր երթը շարունակելու հաւատքով ու հայ ազգի արժանիքներով: Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս յետեղեռնեան սերունդը յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն կառուցեց Ս. Յակոբ եկեղեցին, որ միջնաբերդը եղաւ սերունդներ թրծելու սուրբ հաւատքով եւ հայրենասիրական ոգիով:
Սրբազան համերգը ընդգրկեց հոգեւոր երգեր, շարականներ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային- հայրենասիրական երգերու ընտրանի մը:
Յաջորդաբար երգուեցան «Ուրախ լեր», «Հրաշափառ Աստուած», «Քրիստոս պատարագեալ», «Հայրապետական մաղթերգ», «Սուրբ-սուրբ» եւ «Տէր, կեցո՛ դու զհայս» շարականները:
Յաջորդաբար Մարալ Ադամեան եւ Երուանդ Քէշիշեան մեներգեցին «Սրբասացութիւն հայրապետաց» եւ «Յաղթող եւ սուրբ հայրապետ» շարականները:
Երգեցողութեան ընթացքին յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Վիգէն սրկ. Քիւրքլեան` ներկայացնելով Ս. Յակոբ հայրապետին կեանքը, Գաբրիէլ սրկ. Եղիայեան` ներկայացնելով Ս. Յակոբ հայրապետին արժէքը մերօրեայ կեանքին մէջ, եւ ապա` Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեան` ներկայացնելով «Ս. Յակոբ հայրապետը` հայացած սուրբ» նիւթը:
Զապէլ Աւագեանի մենակատարութեամբ հնչեց «Օրօր»-ը, իսկ Արա Կարէեանի մենակատարութեամբ «Բամբ որոտան» երգը: Գեղեցիկ էր կոմիտասեան ժողովրդական երգերու կատարումը: Երգչախումբը ներկայացուց նաեւ «Ով հայոց աշխարհ», «Զարթիր լաօ» եւ «Երեւան Էրեբունի» հայրենասիրական երգերը:
Աւարտին` օրհնութեան խօսք ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ջերմօրէն գնահատեց երիտասարդ խմբավարը, երգչախումբին անդամները, իրենց գեղեցիկ ու հոգեպարար երգեցողութեան համար: Ան ըսաւ, որ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով պարտաւոր ենք մեր սրբութիւնը գտնելու եկեղեցւոյ մէջ, մեր ժողովուրդը պէտք է ամրանայ հաւատքով եւ սրբութեամբ: Հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ պէտք չէ անտարբեր մնանք, այլ պէտք է վերապրինք կեանքը մեր քրիստոնեայ նախահայրերուն, որոնք կառուցած են այն, ինչ որ մենք ժառանգ ստացած ենք ներկայիս: Իր խօսքի աւարտին ան բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեանը հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ իր հաւատարմութեան ու ծառայութեան համար` մաղթելով, որ ան շարունակէ իր առաքելութիւնը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծաղկեցման ու պայծառացման մէջ: Համերգին փակումը կատարուեցաւ «Կիլիկիա» երգով: