Բակօ Սահակեան Փարիզի Մէջ Այցելած Է Համաեւրոպական Հեռախօսամարաթոնի Գլխաւոր Գրասենեակը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 20­-ին աշխատանքային այցով ժամանած է Փարիզ:

Նոյն օրը երկրի ղեկավարն այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Հեռուստամարաթոն-2014»-ի ծիրէն ներս համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը կազմակերպող գլխաւոր գրասենեակը:

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն  յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի գրասենեակի ողջ անձնակազմին` մասնաճիւղի տնօրէն Պետրոս Թերզեանի գլխաւորութեամբ, բոլոր կամաւորներուն, որոնք անմիջական մասնակցութիւն կ’ունենան հեռախօսամարաթոնին:

Երկրի ղեկավարը Ֆրանսայի հայ համայնքը համարած է Սփիւռքի ամենակազմակերպուած հատուածներէն մէկը, որ միշտ իւրայատուկ աշխուժութեամբ  հանդէս եկած է Արցախին սատարելու, Հայրենիք-Սփիւռք կապերն ամրապնդելու եւ համազգային ծրագիրներն իրականացնելու գործին մէջ:

Նախագահին ուղեկցած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան,  խումբ մը պետական պաշտօնեաներ:

Scroll Up