«Բաւարա՞ր է ցաւերը բաժնել»

Իր՝ «1915. Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» գիր­քին մա­սին խօ­սելու հա­մար Փա­րիզ հրա­ւիր­ւած Հա­սան Ճէ­մալ ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մա­նու­կեան» սրա­հին մէջ տո­ւած դա­սախօ­սու­թե­նէն ետք, Հոկ­տեմբեր 27ին ալ հրա­ւիրո­ւած էր Փա­րիզի Ըն­կե­րային Գի­տու­թեանց Բարձրա­գոյն Ուսմանց Դպրո­ցին (EHESS) կող­մէ, հոն եւս բա­նախօ­սելու հա­մար: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրո­ղու­թիւնը ըն­դունած, Հա­յոց դա­հիճ Ճէ­մալ փա­շայի թո­ռը՝ Հա­սան Ճէ­մալ իր խօս­քին մէջ յա­ճախա­կի կեր­պով ընդգծած է «ցա­ւերը բաժ­նե­լու» անհրա­ժեշ­տութիւ­նը: Այդ առ­թիւ, ֆրան­սա­հայ ծա­նօթ պատ­մա­բանու­հի Անա­հիտ Տէր-Մի­նասեանի յղած դի­պուկ հար­ցումը այս ձեռ­նարկին կի­զիչ կէ­տը հան­դի­սացած է, նաեւ երե­ւոյ­թին բնո­րոշի­չը: Ան Ճէ­մալին հարց տո­ւած է. “Ձեր բա­նախօ­սու­թեան մէջ յա­ճախ խօ­սեցաք ցա­ւերը բաժ­նե­լու մա­սին։ Անա­տոլիայի մէջ ամ­բողջ ժո­ղովուրդ մը, քա­ղաքակրթու­թիւն մը բնաջնջո­ւեցաւ։ Ան­հա­մար վան­քեր, եկե­ղեցի­ներ հրկի­զուե­ցան, քան­դո­ւեցան։ Մշա­կոյթ մը չքա­ցաւ։ Ձեր կար­ծի­քով, այս բո­լորը կա­րելի՞ է բա­ցատ­րել «ցա­ւերը բաժ­նե­լով»”։

Այս հար­ցումին Ճէ­մալ պա­տաս­խա­նած է. “Զիս խորհրդա­ծելու մղե­ցիք։ Բայց ես այսքանը կրնամ ընել միայն. ա՛յսքա­նը ձեռ­քէս կու գայ”։

Scroll Up