ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Ուրուկուէյի Նորանշանակ Դեսպան Խուան Գարլոս Օխետան

Նոյեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՀ մէջ Ուրուկուէյի նորանշանակ դեսպան  Խուան Գարլոս Օխետան:

Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց դեսպանը եւ շնորհաւորեց,  հաւատարմագիրները ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին  յանձնելու առիթով եւ մաղթեց բեղմնաւոր գործունէութիւն:

Երկուստեք քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ու յետագայ համագործակցութեան ուղղուած  շարք մը խնդիրներ:

Դեսպանը կարեւոր համարեց Ուրուկուէյի հայ համայնքի դերը երկրի հասարակական, մշակութային կեանքին մէջ եւ ընդգծեց, որ հայ համայնքը կամուրջ է երկու երկիրներու ժողովուրդներու միջեւ:

Scroll Up