Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Հայկական Սփիւռքը Համարած Է Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Գլխաւոր Խոչընդոտ
Թուրքիոյ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան ընկերութեան կազմակերպած համաժողովին հիւրընկալուած Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողանը պատասխանած է արտասահմանցի լրագրողներու հարցերուն: Հարց ու պատասխանը ընդգրկած է նաեւ հայկական թեման:
Այս մասին ինչպէս կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը` վկայակոչելով Ermenihaber.am-ը, լրագրողներէն մէկուն հարցին, թէ որոնք են Թուրքիոյ ընելիքները Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին ընդառաջ, Աքտողան ըսած է, որ հայկական հարցի վերաբերեալ լուրջ «ապատեղեկատուութիւն» կը տարածուի: Թուրք պաշտօնեայի խօսքով Թուրքիան այդ թեմայով աւելի լուրջ լոպիստական աշխատանք պէտք է տանի ու «հասարակական դիւանագիտութիւն» բանեցնէ:
Աքտողան նշած է, որ Ատրպէյճանի մէջ նոյնպէս զգայուն են հայկական հարցի նկատմամբ` շեշտելով Ղարաբաղի հարցը:
Վերջինս անդրադարձած է նաեւ հայկական սփիւռքին` ըսելով իբր Թուրքիան ջանքեր գործադրած է հայերու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար` նպատակ ունենալով օգնելու նեղութեան մէջ յայտնուած հայերուն: Սակայն սփիւռքին այնքան ալ չի հետաքրքրեր այն հանգամանքը, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ վատ կ’ապրին ու Հայաստանի տնտեսութիւնը դէպի անկում կ’երթայ:
Հայաստանի մէջ մարդոց քաղցած ըլլալու մասին ատրպէյճանական քարոզչական ճառերը կրկնող թուրք պաշտօնեան հայերու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գլխաւոր խոչընդոտը համարած է սփիւռքը, սակայն «տուժած» Ատրպէյճանի գործօնը եւս չէ մոռցած շեշտել: